Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները

By August 23, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ՝ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գովեստով արտայայտուեցաւ մարդկային կեանքի փրկութեան ժամանակակից միջոցներէն՝ ոսկրածուծի պատուաստումով ծանր հիւանդներ բուժելու ուղղութեամբ ժրաջան աշխատանքի լծուած հայկական այս հիմնարկի գործունէութեան մասին եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը հիմնարկի ծրագիրներուն:

Վարչութեան անունով Տոքթ. Ճորտըն շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութիւնը, ներկայացուց Հ. Ո. հիմնարկի 25-ամեայ գործունէութեան արձանագրած նուաճումները ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ մարդկութեան մեծ ընտանիքի բժշկագիտական կեանքին մէջ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հիմնարկի ներկայ ու ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Close Menu

Categories