Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը

By September 6, 2024No Comments

Ուրբաթ, 30 Օգոստոս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Թամար Փօլատեան-Փերոնի:

Հանդիպման ընթացքին այցելուները շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Առաջնորդ ընտրութիւնը եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեցին իրենց աշխատանքներուն ու հետագայ ծրագիրներուն մասին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւրերուն եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց այն վստահութեամբ, որ հայութեան կեանքին մէջ գործող իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն, միութիւն եւ միաւոր իր գնահատելի ներդրումը ունի ազգային կեանքի բարգաւաճման մէջ:

Close Menu

Categories