Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչները

By March 5, 2021June 2nd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան անդամ եւ եկեղեցւոյ Ազգային երեսփոխան՝ Հ. Հ. Պատուոյ հիւպատոս տիար Պերճ Աբգարեան, նաեւ Ազգային երեսփոխաններ Պիլ Սաաթճեան եւ Սրբուհի Մսըրլեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Տէյվիտ Սարապեան եւ անդամներ:

Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ հիւրերը փոխանցեն իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները Սրբազան Հօր եւ շնորհաւորեն անոր ընտրութիւնը Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական պաշտօնին: Հանդիպման ընթացքին արտասանուած սրտի խօսքերու ընդմէջէն այցելուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր ծրագիրներուն եւ այս առիթով տասը հազար տոլար ($10,000) դրին անոր տրամադրութեան տակ, Արեւմտեան Թեմէն ներս հայ հոգեւորականի պատրաստութեան նշանակալից նպատակին յատկացման խնդրանքով: Ներկայացնելէ ետք հայ համայնքէն ներս եկեղեցւոյ ճամբով կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքները, այցելուները խնդրամատոյց եղան Սրբազան Հօր, որպէսզի ամէնէն մօտիկ ապագային իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը շնորհէ Ֆրեզնոյի հայութեան:

Փոխադարձաբար, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բարձրօրէն գնահատեց անոնց երկարամեայ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայութեան կեանքին մէջ, ապա հրաւիրեց զիրենք վերանորոգ հաւատքով շարունակելու իրենց սպասաւորութիւնը մատուցել Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն:

Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ֆրեզնոյէն ժամանած այցելուներուն նուիրեց յուշանուէրներ եւ բարի տունդարձ մաղթեց անոնց:

Close Menu

Categories