Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան Նոր Կեդրոնի Բացման Առիթով Աջակցութեան Շարունակման Կոչ Ըրաւ

By February 7, 2025No Comments

Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, յատուկ հրաւէրով ներկայ եղաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի: Հանդիսութեան նաեւ ներկայ եղան Կլենտէյլի Ս. Ասստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, նոյն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Միութեան Կեդր. վարչութեան Լոս Անճելըսէն անդամ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Շրջ. վարչութեան նոր կեդրոնի գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անճելա Սթամպօլեաններ, բարերարներ, ազգային կառոյցներու, միութիւններու ներկայացուցիչներ, համազգայնական մեծ ընտանիքի նախկին ատենապետներ, մասնաճիւղերու եւ մասնագիտական խումբերու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ մշակոյթի կամաւոր ծառայողներ, որոնց բոլորին ճիգերու միացումով, աշխատանքով ու աջակցութեամբ իրականութիւն դարձաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնատեղիի գնման երազանքը:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի բացումը տեղի ունեցաւ կեդրոնի մուտքին, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Շրջ. վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Յովիկ Սէրայտարեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Շրջանային վարչութեան առաջին եւ միակ կեդրոնատեղիի գնման ծրագիրի յաջողութեան ու Համազգայինի հայակերտ առաքելութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին համար:

Շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիար Մանուկ Ջուխաճեան, իր խօսքին մէջ շեշտելով, որ վերջերս գնուած կեդրոնատեղին՝ Համազգայինի առաջին սեփական տունը, պիտի հանդիսանայ մղիչ ուժ՝ շրջանի հայութեան կեանքին մէջ արդիական մեթոտներով վերարծարծելու համար ազգային արժէքներ եւ արձանագրելու մշակութային նոր վերելքներ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով իր շնորհաւորանքը յայտնեց Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ գնահատեց նախկին ու նոր Շրջանային վարչութիւնները, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ Տիար Արիս Սթամպօլեանի լամբակը զարդարեց Համազգայինի բարձրագոյն շքանշանով եւ նուիրատու ամոլին շնորհեց այս առիթով պատրաստուած յատուկ վկայագիր:

Այնուհետեւ հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ գնահատելէ ետք Համազգայինի մեծ ընտանիքի, գլխաւոր բարերար ամոլի եւ բոլոր բարերար աջակիցներու ու կամաւոր ծառայողներու ցուցաբերած նուիրուածութիւնը հայկական ու մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման ի խնդիր, նշեց նաեւ, որ Համազգայինը սփիւռքի այս հայահոծ շրջանին մէջ՝ այլ միութեանց շարքին, ժամանակն էր, որ ունենար իր առաքելութեան պատշաճ ու վայել սեփական կեդրոնը, աւելի եւս մշակութային ծաղկուն գործունէութիւն արձանագրելու առումով, ապա յոյս յայտնեց, որ Միութիւնը իր հայապահպանման ու հայ մշակոյթի առաւել զարգացման աւանդական ծրագիրներուն միացնէ նոր ժամանակներու շունչը եւ ազգային գետնի վրայ օգտաշատ ծրագիրներ մշակէ յանուն վաղուան հայ սերունդներու նկարագրի կերտման եւ արուեստի ու մշակոյթի նկատմամբ ճաշակի ու ըմբռնումի բարձրացման: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ այս կեդրոնի գնումը վերջակէտ չէ՛, այլ սկիզբ՝ նորանոր ձեռքբերումներու, որոնց համար անհրաժեշտ է չզլանալ մեր աջակցութիւնը Համազգայինի ծրագիրներուն եւ շարունակել նիւթական զօրակցութիւնը մինչեւ պարտքի մարում:

Եզրափակիչ խօսքէն ետք, բարերար ամոլը շէնքի մուտքին կատարեց ժապաւէնի հատումը եւ մուտք գործեց սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց աղի ու հացի եւ նոր տան օրհնութեան արարողութիւն եւ իր հայրական բարեմաղթութիւնները յայտնեց՝ շրջագայելով բոլոր բաժանումներուն մէջ, միաժամանակ տեղեկանալով կեդրոնի ներկայ աշխատանքներուն ու ապագայ ծրագիրներուն, որոնց առիթով նաեւ կատարեց հայրական ցուցմունքներ:

Close Menu

Categories