
Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, Սան Ֆերնանտոյի Legacy Banquet Hall-ի մէջ հանդիսապետեց Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Մեծ Պահքի Սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ եղան աւելի քան 200 հոգիներ՝ բարերարներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ մարմնի անդամ՝ Տիկին Մարալ Գլըճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետի կողմէ 2025 տարեշրջանը «աւանդութիւններու կենսաւորման տարի» հռչակման, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ օրհնելու սեղանները: Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ Հայ Զարեհ Սարգիսեանի ձայնակցութեամբ ներկայացուց արեւագալի շարականներ, ապա աղօթեց եւ օրհնեց սեղաններն ու սրահը լեցուած հիւրերը:
Մոռցուած աւանդութիւնները վերստին կեանքի կոչելու եւ շարունակուող սովորութիւնները գիտակցութեամբ արժեւորելու ծիրին մէջ, օրուան բանախօս՝ Օրիորդ Ժպիտ Մելքոնեան, վեր առաւ աւանդոյթներու կարեւորութիւնը եւ կատարեց մէջբերումներ Արամ Ա. Կաթողիկոսի խորհրդածութիւններէն, ապա ակնարկ մը նետեց ժողովրդային դարաւոր հաւատալիքներու եւ ծիսական սովորութիւններու վրայ՝ դիտել տալով, որ անոնցմէ շատեր նախաքրիստոնէական, ապա Քրիստոնեայ Հայաստանի եկեղեցական եւ ազգային տօնակատարութիւններուն (Տեառնընդառաջ, Բարեկենդան, եւ այլք) մաս կազմած են եւ մինչ օրս կը շարունակուին ազգի կեանքին մէջ: Ապա, իբրեւ գործնական արտայայտութիւն եւ ծիսականագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի հետեւողութեամբ, ան ներկայացուց աւանդական «ծիսական տիկնիկ՝ ակլատիզ»ը, որ Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Զատկուան տօներու եօթը շաբաթները կը ներկայացնէ՝ սոխի մը վրայ ամրացուած իր եօթը փետուրներով: Անդրադառնալով նման ծիսակատարութեանց խորհրդանշական արժէքին, Մելքոնեան ընդգծեց հայոց կեանքին մէջ դարերէ ի վեր շարունակուող աւանդութեանց դերն ու սովորութիւններուն կարեւորութիւնը՝ հայ ազգի հոգեբանութեան, բնաւորութեան գիծերու յստակացման ու աշխարհահայեացքի կազմաւորման մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը նոր շեշտաւորում բերաւ եկեղեցական եւ ազգային-ժողովրդային աւանդութեանց դարաւոր պաhպանման եւ մերօրեայ կեանքին մէջ կիրարկման կարեւորութեան: Ան խօսքը ուղղելով սրահը լեցուցած հայուհեաց՝ դիտել տուաւ, որ «հայ ազգի աւանդութիւնները ոչ միայն գիրքերու մէջ արձանագրուածներն են, այլեւ մեր առօրեայ եւ ընտանեկան կեանքին իմաստ տուող սովորութիւնները, որոնք անցեալը կը կապեն ներկային, անոնք մեր զաւակներուն ու յաջորդող սերունդներուն կը փոխանցուին մեծ մայրերու եւ մայրերու միջոցով, որոնք ուղղակի կրողներն ու շարունակողները կը հանդիսանան հայ ընտանեաց կեանքը յատկանշող սովորութիւններու, որոնց մէջ կարեւոր դեր կը կատարեն հայկական խոհանոցը, մեր ազգային ճաշերն ու տօնական սովորութիւնները», ապա նշեց, որ «մայրերու հայկական ճաշերը նաեւ հարազատներու միջեւ կապը կը զօրացնեն, մարդկային յարաբերութիւնները կը ջերմացնեն եւ ընտանիքի անդամները քով-քովի կը բերեն՝ ստեղծելով աւանդութիւն եւ սովորութիւններ», ապա յորդորեց կիներն ու մայրերը, որ շարունակեն կիրարկել եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն ուսուցանել յատկապէս իրենց ընտաիքներուն մէջ առկայ բարեպաշտական եւ ազգային սովորութիւնները՝ հաստատելով, որ անոնք ոչ միայն ժամանակավրէպ չեն, այլ 21-րդ դարուն եւս օգտաշատ կը հանդիսանան՝ ընտանեկան աւանդական կենցաղակերպի, նիստ ու կացի, կարգ ու սարքի պահպանման, այլեւ մարդկային ու ընտանեկան յարաբերութեանց չափ ու կշիռի պահպանման առողջ հիմերու վրայ գոյատեւման համար:
Յայտնենք, որ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամները բծախնդրօրէն ու ճաշակով զարդարած էին սրահն ու սեղանները, որոնց վրայ առատօրէն տեղադրուած էր Ս. Պահոց համադամ ուտելիքներու տեսականին՝ իբրեւ Ս. Պահոց շրջանի հայկական ճաշի ցարդ շարունակուող աւանդութիւն, մինչ ներկաներուն հրամցուած հայկական եւ ազգային խորհրդանշական նուէրները ծառայեցին աւելի եւս հայացնելու մթնոլորտը, որ պարբերաբար ճոխացաւ նաեւ քանոնահար Նեկտար եւ երգիչ Մարգար Եղիազարեանի մեկնաբանած ժողովրդական եւ աշուղական քաղցրահունչ երգերու եւ մեղեդիներու հնչիւններուն տակ, որոնք ներկաներէն շատերը ոգեւորեցին ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ կատարելու, առ ի աջակցութիւն Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն:
Արեւագալի Ժամերգութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը, առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց եւ քարոզեց Արեւագալի արարողութեան, ապա իր քարոզին մէջ բացատրեց՝ Ս. Պահոց շրջանին երգուող արեւագալի շարականներու եւ խորանէն լսուող աղօթասացութեան միտք բանին՝ դիտել տալով, որ արեւագալի ժամերգութիւնը մեր Հայրապետներուն կողմէ բարի լոյսին մատչելու, զայն հայ-քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ հոսեցնելու աղաչանք է, որպէսզի մարդու հոգին իր անդորրը գտնէ, խաղաղութիւնը թագաւորէ հայ ազգի հոգեկան ու մտային, ֆիզիքական ու ձգտումնային բոլոր տեսակի կարողութիւններուն մէջ: «Երկնային լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոսն է, որուն օգնականութեան պէտք ունի մարդ, որպէսզի խաղաղի ներքնապէս, օրհնուի բոլոր արարքներուն մէջ եւ ձգտի ամբողջական կատարելութեան, այնպէս ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս ցոյց կու տայ՝ «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» իր նշանաւոր խօսքին մէջ»:
Այս առիթով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ մէջբերեց Յիսուս Քրիստոսի կողմէ պատմուած հարուստ մարդուն մասին առակը, ուր մեծատունը չի յաջողիր երկինքի արքայութիւն մուտք գործել, որովհետեւ աշխարհի հարստութենէն չի կրնար հրաժարիլ եւ այս աշխարհէն անդին՝ յաւիտենականութիւնը տեսնել, ուրեմն եւ կը զրկուի ճշմարիտ լոյսէն ու անմահութիւնը ժառանգելու իրաւունքէն՝ աւելցնելով, որ ամէն մարդ պէտք է որ հանդերձեալ կեանքի տիրանալու ձգտումը ունենայ, որուն հասնելու միակ ճամբան Յիսուս Քրիստոսն է, այլ ոչ թէ աշխարհիկ կեանքի անցողիկ հարստութիւնն ու փառքը: