– Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ, ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
– ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԵՏ ՇՓՈՒՄ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Անցնող շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի հայկական համայնքը ապրեցաւ յիշատակելի պահեր, երբ Շաբաթ, 24 Օգոստոսի կէսօրին իր շրջանին մէջ հիւրընկալեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի հովուական այցելութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը ընդունուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի, Ազգ. վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանի եւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Արփի Աբգարեանի կողմէ, որոնք մնայուն ընկերակիցները եղան Առաջնորդ Սրբազան Հօր երկօրեայ այցելութեան:
Նոյն օրը, Գեղամ արքեպիսկոպոս եւ ընկերակիցներ այցելեցին Ֆրեզնոյի համալսարանի մէջ զետեղուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ, ապա ուղղուեցան տեղւոյն հայկական գերեզմանատուն, ուր ննջեցեալներու հոգւոյն խաղաղութեան համար կատարուեցաւ աղօթք եւ ծաղիկներ դրուեցան ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի, ամերիկահայ պատմաբան Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ այլ մեծութիւններու շիրիմներուն:
Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան, որուն ներկայ եղան եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրը, Ազգային վարչութեան անդամ Տիար Պերճ Աբգարեան, հոգաբարձական կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհիին, շրջանի երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ շրջանի մէջ գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ: Այս առիթով հնչած բարի գալուստի խօսքերէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ բարի մաղթանքներ յղեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն, մօտէն ծանօթացաւ ներկաներուն եւ տեղեկութիւններ քաղեց Ֆրեզնոյի հայութեան եւ հայկական կեանքի մասին:
Կիրակի, 25 Օգոստոսի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտներու առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, պատարագեց եւ քարոզեց Աստուածամօր նուիրուած տօնի իններորդ օրուան առիթով՝ դիտել տալով, որ այս տօնը գեղեցիկ եւ պերճախօս արտայայտութիւնն է երկնքի կողմէ Ս. Կոյս Մարիամի շնորհուած Աստուածամայր ըլլալու պատիւին, ապա տօնը արժեւորեց իբրեւ ազգային հոգեւոր աւանդութիւն, որ դարերէ ի վեր Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուի: Առաջնորդը յոյս յայտնեց, որ Աստուածամօր նուիրուած հայ ժողովուրդի դարաւոր սէրն ու յարգանքը նաեւ գալիք ժամանակներուն կը շարունակուին հայ սերունդներու կեանքին մէջ:
Պատարագի ընթացքին Աշոտ վարդապետ Ֆրեզնոյի համայնքի անունով բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ անոր առաքելութեան մէջ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ կատարեց: Ս. խորանին սպասարկեցին նախկին Հոգեւոր հովիւ եւ ներկայիս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, շրջանի երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր համայնքի զաւակներ մօտէն շփուելու առիթ ունեցան իրենց Հոգեւոր Առաջնորդին հետ: Հոգաբարձութեան անունով հնչեցուցած իր խօսքին մէջ, ատենապետուհի Տիկին Աբգարեան նշեց, որ շնորհիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական հաղորդականութեան, Ֆրեզնօ իր այս այցելութիւնը եղաւ արդիւնալի, ընդունելութիւնը՝ սիրալիր, ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտը՝ մեծապէս քաջալերական ե՛ւ Ֆրեզնոյի եկեղեցւոյ ե՛ւ Առաջնորդարանի միջեւ տեղի ունեցաւ կապի աւելի եւս ամրապնդում:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքի մեծ ու փոքր անդամները, ծառայող ձեռքերն ու կամաւոր աշխատանք տանող բոլոր անհատները, պատասխանատուները, նուիրեալներն ու բարերարները, ապա եկեղեցւոյ մաղթեց յարատեւ վերելք, գաղութին՝ բարգաւաճման եւ հզօրացման նոր առիթներ եւ բոլորին բաշխեց հայրական իր ջերմ օրհնութիւնները՝ ըսելով. «Ֆրեզնոյի համայնքը կը հանդիսանայ պատմական ամէնէն առաջին հայ գաղթօճախներէն մէկը Հուսիսային Ամերիկայի տարածքին, ինչ որ կը նշանակէ, որ այս ափերուն վրայ հայկական սերունդները հաւատարմօրէն կը յաջորդեն իրարու՝ նախանձախնդրօրէն բարձր պահելով իրենց փոխանցուած աւանդական արժէքներն ու հոգեւոր եւ ազգային ջահը»:
Յայտնենք, որ նոյն օրը յետմիջօրէին, Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու եւ Աբգարեան ամոլին, այցելեց Ֆրեզնոյաբնակ Տիկին Անոյշ Շամլեանի բնակարանը եւ երախտագիտական խօսքեր փոխանցեց ազնուափայլ հայուհիին՝ ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Ազգային բարերար, Քրեսենթա Հովիտի մէջ գործող Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի հիմնադիր Տիար Վահան Շամլեանի եւ ի պատիւ իրեն՝ Տիկին Շամլեանի:
Գնահատելէ ետք Շամլեան զոյգին նուիրուածութիւնը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով հայ ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ, Առաջնորդ Սրբազանը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց Տիկին Անոյշի Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի յիսնամեակին առիթով, որ կը զուգադիպի յառաջիկայ տարուան եւ երախտագիտական ջերմ զգացումներով անոր մաղթեց արեւշատ բազում օրեր: