Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Ազգ. Վահան Եւ Անոյշ Շամլեան Միջնակարգ Վարժարանի Յիսնամեայ Ճաշկերոյթ-Կալային

By November 20, 2024No Comments

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Փասատինայի The Langham կառոյցի շքեղ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-կալա, որուն ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Ս. Հրիշտակապետաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը Յասմիկ, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան, վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ Հոգաբարձութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, պաշտօնէութիւն, ծնողներ, բարերարներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի, երեկոյի բացման աղօթքը կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, որ իր կարգին հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ փոխանցելու իր սրտին խօսքը, որ լեցուն եղաւ երախտագիտական արտայայտութիւններով՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեանի հիմնադիր բարերարներուն ուղղուած, թէ ընդհանրապէս՝ համայնքային կեանքը զարգացնելու միտող անցեալ եւ ներկայ բարերարներուն, նաեւ գնահատանք՝ կրթական, դաստիարակչական եւ վարչական գործերու բարեզարդման ճիգին մէջ իրենց կամաւոր ներդրումն ու բարերարութիւնը չզլացող այն ազգայիններուն, որոնք հաւատացին հայ դպրոցի կարեւորութեան, ստանձնեցին յանձնառութիւն եւ գիտակից վերաբերում ցոյց տուին՝ նոր սերունդի հայ-քրիստոնեայ զաւակները լաւագոյնս դաստիարակելու եւ իրենց համայնքին, ազգին ու հայրենիքին պիտանի որդիներ պատրաստելու իմաստով:

Մէջբերելով Ամերիկայի նախագահ Պենճըմին Ֆրենքլինի այն խօսքը թէ` “An investment in knowledge pays the best interest”, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքը ամբողջացուց աստուածաշնչեան՝ «Ձեր սիրտը ձեր գանձերուն մէջ թող ըլլայ» համարով՝ բացատրելով, որ վարժարանի հիմնադիր բարերար զոյգը՝ հանգուցեալ Տիար Վահան եւ ազնուափայլ Տիկին Անոյշ Շամլեան, օրին իրենց գանձը համարեցին Ազգ. Շամլեան վարժարանի հիմնումը եւ իրենց սիրտն ու էութիւնը անոր կապեցին, եւ վարժարանի ոսկեայ տարեդարձին առիթով` Տիկին Անոյշ Շամլեան եւ դուստրերը նորագոյն 150,000 տոլար գումարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին, ինչպէս նաեւ՝ ներկայիս, հայկական այս վարժարանը իր գանձը նկատելով, ցարդ կատարած բարերարութեանց իբրեւ նոր յաւելում՝ ահա՛ եւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան եւ տիկինը Փաոլա,եղբայրե Փիթըր եւ տիկինը Ռուպի, ի յիշատակ իրեն հօր Յակոբ Պաղտասարեանի, 100,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կատարեցին, ըսաւ ան, ապա իր ու Ազգ. վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Շամլեան եւ Պաղտասարեան բարերար ընտանիքներուն մինչ օրս ցուցաբերած եկեղեցաշէն ու ազգանուէր վերաբերումին համար եւ զանոնք գնահատեց՝ իբրեւ Ազգ. Առաջնորդարանի օրինակելի աջակիցներ, համայնքի առաւել զարգացման ու բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը՝ նուիրուած վարժարանի յիսնամեակին, ապա տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի հետ վաստակաշատ խումբ մը ուսուցիչներու եւ անդամներու նուիրեց յուշանուէրներ:

Close Menu

Categories