
Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց եւ քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. եւ անմահ Պատարագին: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան: Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային վարչութեան անդամ Տիար Ճէք Հաճինեան, նորընտիր Հոգաբարձութեան անդամներ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանն էր Յիսուս Քրիստոսի այն թելադրանքը մարդկութեան, ուր կ՛ըսուէր. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յովհաննու 6.27):
Այս տիրաւանդ պատուէրին առիթ տուողը աստուածաշնչեան այն դէպքն է, ուր Յիսուս հրաշքով հինգ հազար հոգի կերակրեց, որուն ակնարկելով, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յիշատակեց Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը, որ Ան զինք փնտռող բազմութեան ուղղած էր՝ ըսելով, որ «դուք զիս կը փնտռէք, որովհետեւ կերաք ու կշտացաք։ Բայց դուք ջանացէք կորստական կերակուրին հետամուտ չըլլալ, այլ ապահովեցէք այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը պահէ ձեզ»: Առաջնորդ Սրբազան հայրը պատմեց նաեւ, որ երբ մարդիկ խնդրեցին Յիսուսէն, որ իրենց տայ այդ կերակուրը, Ան ըսաւ՝ «Ես եմ կեանքի հացը», ապա իր քարոզին մէջ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.
– Հեռու մնալ նիւթապաշտութենէ, որուն ժամանակաւոր գոհացում տալու իրողութիւնը կը հեռացնէ մեզ հոգեւոր արժէքներէն։
– Հոգեւոր կերակուրը նախադասել նիւթական կերակուրին, որ պարզապէս մարդուն ֆիզիքական գոյութիւնը կը պահպանէ, մինչ հոգեւորը մարդը կեանքի մէջ կը պահէ։
– Հոգեւոր սնունդին աղբիւրը Աստուած է։ Յաւիտենական կեանք ապահովող սնունդը նոյնինքն Քրիստոսն է, որ պատկերաւոր ձեւով ինքզինք բացայայտեց՝ ըսելով. «Ես եմ կեանքի հացը»։
– Հոգեւոր սնունդը յաւիտենական կեանքի երաշխիք է, քանի որ մեզ հաղորդակցութեան մէջ կը պահէ Աստուծոյ հետ, որ Ինքնին յաւիտենականութիւնն է։
Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Սիրոյ ճաշ, մասնակցութեամբ գաղութի ծխականներուն եւ բոլոր պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նոյն օրը, յաւարտ Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»յի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ՝ Շաբաթ 1 Փետրուարին, Լիբանանի մէջ անարգ ոճիրի զոհ գացած վախճանեալ Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար: