Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Համայնքի Հոգեւոր Արարողութեան Եւ Ազգային Տօնախմբութեան

By May 9, 2025No Comments

Շաբաթ 3 եւ Կիրակի 4 Մայիս 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, երկօրեայ այցելութեամբ մասնակից դարձաւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի հայկական կեանքին եւ իր հայրական պատգամներն ու օրհնանքները լիաբուռն բաշխեց տեղւոյն հայ զաւակներուն:

Արդարեւ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս Շաբաթ 3 Մայիսի կէսօրին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ընդունուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մատթէոս Սենեքերիմեանի, նոյն եկեղեցւոյ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Միջնակարգ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Յարութ Մոմճեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, որոնց հետ, կարճ ժամանակ անց, ան ունեցաւ աշխատանքային անմիջական հանդիպում:

ԱԶԳ. Գ-Զ-Վ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 45-ԱՄԵԱԿ

Նոյն օրը երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Միջնակարգ վարժարանի հիմնադրութեան 45-ամեակին նուիրուած տօնախմբութեան, որ տեղի ունեցաւ տեղւոյն Խաչատուրեան Հայ կեդրոնի Սարոյեան սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ եւ վարժարանի միացեալ մեծ ընտանիքի անդամներ, շրջանի պատկան մարմիններու եւ յարակից միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, բարերարներ, բարեկամներ, վարժարանի շրջանաւարտ սերունդներու ազգայիններ, կամաւոր ծառայողներ եւ հրաւիրեալներ:

Յոբելեար վարժարանի շրջանաւարտներու միութեան անդամներէն Տիկին Նիքոլ Ֆանթինի բացման խօսքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Տէր Արցախ Պատոյեանի, կատարեց սեղաններու օրհնութիւն, որմէ ետք աւուր պատշաճի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Կրէյս Անտոնեան եւ քաղաքի նշանաւոր Giants (baseball) խումբի հայ տնօրէն ու պատասխանատու՝ Տիար Զէք Մինասեան: Այս առիթով մեծարուեցաւ վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն Տիար Հրակ Գալըպճեան, որ իբրեւ օրինակելի ծնող եւ նուիրեալ ազգային, նիւթաբարոյական գործօն մասնակցութիւն կը բերէ համայնքային կեանքի բարգաւաճման կարեւոր գործին:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր առաջնորդական խօսքով եզրափակեց հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը՝ առաջին հերթին գնահատելով վարժարանի կրթական եւ ազգային կեանքի նուիրեալ պատասխանատուները, տնօրէնուհին ու ուսուցիչները՝ դիտել տալով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի յաղթական երթը կը շարունակուի 45 տարիէ ի վեր, շնորհիւ բոլոր այն բաղադրիչներուն, որոնք միասնաբար կը կազմեն համայնքի մեծ ընտանիքը՝ աւելցնելով, որ նուիրեալ այս բաղադրիչները խմբուելով Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի հայ հոգեւոր եւ ազգային կեանքի երկու կարեւոր կռուաններուն՝ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. վարժարանի շուրջ, հայ-քրիստոնէական հաւատքով եւ ի գին բազում զոհողութեանց, յառաջ կը տանին համայնքային կեանքը դէպի նորանոր նուաճումներ, ապա նոր ու լուսաւոր 45-ամեակներ մաղթեց բոլորին:

ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԱՄ ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 4 Մայիսի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. եւ անմահ Պատարագը մատոյց Հոգեւոր հովիւը: Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցասէր հանրութեան բացատրեց, որ Հայ Եկեղեցին Աշխարհամատրան կամ կանաչ Կիրակի կը կոչէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յաջորդած երկրորդ Կիրակին, որ մեր այսօ՛րն է, ըսաւ ան եւ որ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ աշխարհի վրայ առաջին մատուռի հաստատման տօնը: Այս մասին խորհրդածելով՝ ան նաեւ փառաբանեց յիշատակը Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներու, որոնք Հայաստան բերին Յիսուսի վարդապետութիւնը եւ հիմք հանդիսացան Հայաստանի մէջ քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմնադրման:

Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական ծագումին, յատկանիշներուն եւ քրիստոնէական հարուստ աւանդին: Հայ եկեղեցին, որ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ, ցարդ հաւատարմօրէն կառչած կը մնայ իր դարաւոր սկզբունքներուն եւ կ՛ընթանայ դէպի նոր այգաբացեր։

Close Menu

Categories