Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ երգչախումբի եւ երիտասարդական կազմի ուժերով պատրաստուած Ս. Ծննդեան թատերական համերգին, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան:
Եկեղեցւոյ 125-ամեակի տօնակատարութեանց մեկնակէտային այս ձեռնարկին ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Հ. Հ. Պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիար Պերճ Աբգարեան, Ամերիկայի Հայկական թանգարանի տնօրէն՝ Տիար Պերճ Կարապետեան եւ շրջանէն մեծ թիւով հայորդիներ:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, Հոգեւոր տան երգչախումբը հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով հնչեցուց Ս. Ծննդեան շարականներ ու երգեր, որոնց կշռոյթին տակ երիտասարդական խումբի տղաք ու աղջիկներ կենդանի պատկերներով բեմականացուցին Յիսուս մանուկի ծննդեան դրուագը՝ քրիստոնէական հաւատքի կենսունակութեան մթլնոլորտով պարուրելով ներկաները:
Թատերական համերգի աւարտին, Հոգեւոր հովիւը առաջին հերթին շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր ներկայութեան համար, ապա նշեց, որ Ս. Ծննդեան նուիրուած թատերական այս համերգով սկիզբ կ՛առնէ եկեղեցւոյ 125-ամեակի տօնական ձեռնարկներու շարքը, որուն համար իր երախտիքը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ բոլոր նուիրեալ խումբերուն ու Ֆրեզնոյի հայութեան բերած խանդավառ մասնակցութեան՝ շրջանի հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային հայաբնոյթ տեսակ-տեսակ գործունէութեանց:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Հոգեւոր հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը եւ եկեղեցւոյ պայծառացման նուիրեալ կամաւորները, իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ բծախնդիր աշխատանքին համար եւ դրուատեց տեղւոյն հայութիւնը՝ շրջանի հոգեւոր ու ազգային կեանքի շարունակականութեան ու վերելքին իր բերած ընդգծելի մասնակցութեան համար: Ան նաեւ գնահատանքի արժանացուց Հոգեւոր տան երգչախումբի եւ երիտասարդական կազմի անդամները՝ դիտել տալով, որ եկեղեցւոյ շրջափակը լեցուցած ժողովրդային բազմութիւնը ինքնին ապացոյց է, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին 125 տարուան իր պատմութեամբ ու հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեամբ, նա՛եւ կը հանդիսանայ երաշխիք՝ հայկական կեանքի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան:
Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր տնօրինումով, բազմութենէն դուրս եկան խումբ մը մանուկներ եւ իրենց թաթիկներով կատարեցին եկեղեցւոյ շրջափակը տեղադրուած ամանորեան զարդարուն տօնածառին լուսաւորումը՝ ժողովրդային ցնծութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ֆրեզնոյի մէջ նաեւ իր հայրական այցելութիւնը շնորհեց Թեմի բարերարուհի՝ ազնուափայլ Տիկին Անոյշ Շամլեանի եւ շրջանի վաստակաւոր հայ ընտանիքներու եւ արժանացաւ անոնց ջերմ հիւրընկալութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային գործիչներ: