
Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի այցելեց՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան Համաշխարհային խորհուրդի ժողովին մասնակցելու նպատակով շրջանս գտնուող Յունաստանի Աւետարանական համայնքի պետ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, որուն կ՛ընկերակցէին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան եւ Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախկին ատենապետ՝ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան:
Աւելի քան ժամ մը տեւած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին, վաղեմի բարեկամներ մտերմօրէն զրուցեցին՝ նախապէս Լիբանանի, ապա Յունաստանի եւ ներկայիս ալ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի առաջնորդութիւնը ստանձնած Գեղամ Արքեպիսկոպոսի հետ եւ միատեղ թարմացուցին անցեալի յուշեր, փոխանակեցին փորձառութիւններ, ինչպէս նաեւ իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին ընձեռուած բացառիկ առիթին համար, որ անգամ մը եւս քով-քովի բերաւ վաղեմի յարգարժան բարեկամներ, ապա առողջութեան ու յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով հրաժեշտ տուին իրարու:


