24 ԱՊՐԻԼ՝ ՄԷԿԻ ՊԷ՜Ս ԱՊՐԻԼ
Մենք՝ աշխարհատարած հայութիւնս՝ ի Հայաստան-Արցախ եւ ի սփիւռս, այս օրերուն դարձեա՛լ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը ցեղասպանուած մեր նախահայրերուն եւ մեծ-մեծ մայրերուն, որոնք Համաշխարհային Առաջին պատերազմին զոհ գացին թրքական եաթաղանին եւ ցմրուր ըմպեցին Գողգոթայի դառնագոյն բաժակէն՝ Յարութեան տեսի՛լքը կտակելով իրենց զաւակներուն ու թոռներուն: Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 106րդ ամեակին, մեր նահատակները մեզ կը հրաւիրեն աւելի՛ զգօն պատասխանատուութեամբ, աւելի՛ խոհեմ քայլերով եւ աւելի՛ կռացած կամքով խմբուելու Ցեղասպանութեան դատին շուրջ, մանաւանդ ըլլալու աւելի՛ Արցախ, աւելի՛ Հայ եկեղեցի, աւելի՛ Սփիւռք ու աւելի Հայաստա՛ն: 24 Ապրիլը այլեւս սգատօն չէ հայ ազգին համար: Անիկա Հայ դատն էր երէկ, Հայ դատն է այսօ՛ր: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բանաձեւումով՝ Հայ դատ կը նշանակէ «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել»: Հետեւաբար, մեր ազգային պարտաւորութիւնն է՝ առանց մոռնալու անդադա՛ր յիշել մեր ժողովուրդին դէմ գործուած մարդկային ամէնէն քստմնելի ոճիրը, առանց յոգնելու անդադա՛ր յիշեցնել ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ եւ բոլոր երկիրներուն, որ Հայ դատը չի՛ մոռցուիր, չի՛ հիննար, ժամանակավրէպ չի՛ դառնար, եւ առա՛նց նահանջելու շարունակել արդար հատուցման պահանջատիրական առնական կեցուածք ցոյց տալ թուրք պետութեան եւ ամբողջ աշխարհին: Այո,՛ հայ նոր սերունդներու տղաք ու աղջիկներ այսօր պահանջատէրի՛ գիտակցութեամբ կու գան ըսելու, որ այսօր իրե՛նք են հայ ազգի արդար իրաւունքներուն համար անդուլ պայքարողները եւ թէ ուղղե՛լ է պէտք աշխարհի ծուռ կշիռքը, որպէսզի հայ ազգի իրաւատիրական պահանջներու նժարը օրհնեալ օր մը գա՛յ եւ հաւասարի Թուրքիոյ կողմէ կատարուելիք հատուցմա՛ն նժարին, յատկապէս մեր ներկայ օրերու լոյսին տակ, երբ ազգ ու պետութիւն դարձեալ կանգնած ենք պատմական ճգնաժամի առաջ եւ մեր դարաւոր տռամը կը շարունակուի թուրք եւ ազերի պետութեանց հայասպան եւ հայաստանասպան ոճրային ծրագրին ընդմէջէն, մե՛ր իսկ աչքերուն դիմաց, հայրենական թէ սփիւռքածին մեր զաւակներուն իսկ ուղղակի՛ զոհաբերութեամբ: Երէկ՝ Արեւմտահայաստան, այսօր՝ Արցախահայաստա՜ն:
Ահա՛ այս ապրումներով եւ քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք մեր Թեմի բոլոր զաւակները եւ ապրիլեան մեր յոյզերը իբրեւ աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով որ օգնէ մեզի՝ հայրենական ներկայ ճգնաժամէն եւս ազգովին յաղթական դուրս գալու եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական երթը յաջողութեամբ հասցնելու համար արդարութեան վճիտ ու զուլալ ափ՝ յանուն հայութեան իրաւունքներու ձեռքբերման, ազգի զաւակներուն եղբայրական մէկութեան եւ Հայաստան-Արցախի կայունութեան, ապահովութեան, այլեւ յոյժ բաղձալի յառաջդիմութեան, որովհետեւ մենք կը հաւատանք Աստուածաշունչին, ուր գրուած է. «Եւ ամէն մարդ պիտի ըսէ.- Արդարեւ արդարը իր վարձատրութիւնը ունի. արդարեւ Աստուած մը կայ, որ կը դատէ աշխարհը» (Սաղմոս 58.11):
Կեցցէ՛ Հայաստանը,
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը:
24 ԱՊՐԻԼ՝ ՄԷԿԻ ՊԷ՜Ս ԱՊՐԻԼ
Քրիստոսաւանդ սիրով
Աղօթարար
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի