Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2020ին իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին: Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, Սրբազան Հօր այցելութիւնը արդիւնաւորուեցաւ հետեւեալ առումով.
Ա. Նկատի ունենալով, որ Օժանդակ Մարմնի ատենապետ Ծովիկ Զէյթլեան մինչ այդ ընտրուած էր Ազգային Վարչութեան անդամ, Սրբազան Հօր օրհնութեամբ կազմը ամբողջացաւ հետեւեալ ձեւով. Վանիա Պապիկեան՝ ատենապետ, Սօսի Կէօքկէօզեան՝ փոխ ատենապետ, Վարդուհի Աւետիքեան՝ ատենադպիր, Գարմէն Եարալեան՝ գանձապահ, Մարի Պապիկեան՝ գոյքապահ, Ալվարդ Բարսեղեան, Մարիամ Կարապետեան, Մարալ Քելէճեան, Սիլվա Սայապալեան եւ Մարալ Դարբինեան՝ խորհրդականներ: Կազմին միացաւ նաեւ Սօսի Էշկիեան եւ ստանձնեց գոյքապահ (բ.)ի պաշտօն:
Բ. Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը հասու եղաւ Առաջնորդ Հօր նոր ծրագիրներուն եւ նուիրեց յիսուն հազար ($50,000) տոլար՝ առ ի զօրակցութիւն Ազգային Առաջնորդարանի:
Գ. Յայտնենք, որ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը վերջերս նաեւ ընդունած էր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաներուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի անմիջական ծախսերը ամէն տարի հոգալու առաջարկը: Այս առիթով, Օժանդակ Մարմինը 2021 տարեշրջանի զոյգ տօներուն համար Դպրեվանքին նուիրեց տասը հազար ($10,000) տոլար:
Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին հետ Առաջնորդ Հօր հանդիպումը յատկանշուեցաւ աշխատանքային ջերմ ու աշխուժ մթնոլորտով. գործի դաշտը լայն է, աշխատանքները՝ բազմաբնոյթ: Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց տիկիններուն ջանասիրութիւնն ու ի գործ դրած ճիգերը՝ յանուն հայ ժողովուրդի զաւակներու հոգեկան եւ մարդկային կարիքներու ապահովման եւ ազգային կեանքի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման: