Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Համար Արեւմտեան Թեմը Հարիւր Հազար ($100,000) Տոլարով Հիմնադրամ Կը Հաստատէ Անթիլիասի Մէջ

By November 28, 2022May 30th, 2024No Comments

Ժողովուրդներու ու ազգերու գոյութիւնը կ՛երաշխաւորուի կրօնքով, հայրենիքով ու մշակոյթով: Այս ծիրէն ներս, յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գծով, հրաւիրուած ենք հայկական բոլոր կառոյցներ ծրագրելու ու գործելու, թէ ի՞նչ միջոցներով ու ձեւերով կրնանք լեզուն պահել առողջ, առօրեայի մէջ գործածական եւ գրաւոր խօսքով շարունակական, ազգի կեանքէն ներս:

Այս ծիրէն ներս ակներեւ է, թէ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տարիներէ ի վեր այս աշխատանքին է լծուած:

Ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Թեմը գումարեց Ազգ. Երեսփոխանական 50-րդ ժողովը (Արտակարգ), որուն ընթացքին, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, մտածում մը խմորեց՝ ըսելով, որ յատուկ հիմնադրամ մը պէտք է գոյացուի, որպէսզի արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութիւնը Հայրապետական Աթոռը յառաջ տանի վերանորոգ թափով: Ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց Թորգոմ Եպիսկոպոսի մտածումը եւ քաջալեր հանդիսացաւ նմանօրինակ հիմնադրամի մը ստեղծման:

Այս գծով, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. վարչութիւնը ունեցան միատեղ խորհրդակցութիւն, որ յանգեցաւ Անթիլիասի մէջ Արեւմտահայերէն Լեզուի Պաշտպանութեան հիմնադրամի հաստատման, հարիւր հազար ($100,000) տոլարով:

Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին, որ արեւմտեահայերէնի պաշտպանութեան խնդիրը նկատեն խիստ կարեւոր անմիջական եւ իրենք եւս իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը բերեն ազգային-ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս անյետաձգելի ու կենսական ծրագրին:

Close Menu

Categories