
Արեւմտեան շրջանի Հոգեւոր համայնքապետերու միջեւ ստեղծուած աւանդական գործակցութեան համաձայն, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի Ս. Պատարագը, ըստ այս տարուան համար հայացած որոշումին, տեղի ունեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025, երեկոյեան ժամը 6-ին: Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան Ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւ Կեդր. վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան:
Ս. Պատարագ մատոյց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեցին Արեւմտեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերպծ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան: Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասը։
Յընթացս Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Բարեխօսական կարգ, որուն աւարտին աւուր պատշաճի քարոզեց Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իսկ Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Մուրատեան եւ Վերապատուելի Շահնազարեան արտասանեցին ողջոյնի խօսք:
Ստորեւ՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքէն հատուածներ.
«Հոգեւոր եղբայրներ եւ սիրելի զաւակներ մեր ազգին,
«Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենադաժան եւ սահմռկեցուցիչ հանգրուանին՝ 110-ամեայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ մեր սուրբերու յիշատակութեան այս օրուան, երբ բարեխօսական մեր աղօթքներով կանգնած ենք Ամենատես Աստուծոյ հայեացքին ներքեւ եւ մեր բիւրաւոր նահատակներուն ոգեշնչող եւ գօտեպնդող ներկայութեան, բոլորս՝ հրամայականօրէն, հրաւիրուած ենք մեր հայկական գիտակցութեան միտքը, խիղճն ու հոգին նահատակ սուրբերու բիւրեղ եւ ադամանդեայ հաւատքին քուրային մէջ մաքրազտելու եւ մեր կողմնակի, մասնակի, անհատական, զարտուղի եւ ապազգայնացող բոլոր տեսակի տրամադրութիւններէն գէթ պահ մը ձերբազատելու, որպէսզի կարենանք ջինջ ու յստակ հաղորդակցութեան մէջ մնալ մեր սուրբ նահատակներէն մեզի փոխանցուած կտակին։
«Արդարեւ, մեր նահատակ սուրբերու յիշատակութեան առիթը համազգային միասնութեան ժողովող կա՛նչ է հանուր հայութեան, որպէսզի՝ գէթ տարին մէկ անգամ, մենք մեզմէ անպայմա՛ն թօթափենք անջատողական, հատուածական եւ անհատական բոլոր տրամադրութիւնները, ի խնդիր հայկական հիմնահարցերու շուրջ միակամօրէն համախմբուելու եւ ըստ այնմ գործելու»։
ՉՈՐՍ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐԸ ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ԱՌՋԵՒ
Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի չորս համայնքապետեր՝ Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերպծ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ կատարեցին Բարեխօսական աղօթք, եւ յանուն համայնքապետերու, զետեղուեցան ծաղկեպսակներ հայ անշիրիմ նահատակներու անմեռ յիշատակին:
Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան եւ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, ինչպէս նաեւ համայնքային մարմիններ ու միութիւններ իրենց կարգին ծաղկեպսակ զետեղեցին ի յուշ հայ անմեղ նահատակներու հոգիներուն: Համայնքապետերուն անունով ներկաներուն իր խօսքը փոխանցեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ
Նոյն օրը, կէսօրուան ժամը 12-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, մասնակցեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն ժողովրդային քայլարշաւին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով կատարեց օրհնութեան աղօթք: Քայլարշաւը կազմակերպած էր Արեւմտեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց դաշնակցութիւնը: Պահանջատէր մեծաթիւ հայորդիներ մասնակցեցան քայլարշաւին եւ իրենց բողոքը արտայայտեցին թրքական դեսպանատան առջեւ, ուր նաեւ յաջորդաբար արտասանուեցան աւուր պատշաճի խօսքեր, լսուեցան ժողովրդային պահանջատիրական կանչեր:
ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔ
Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Գեղամ Արք. Խաչերեան մասնակցեցաւ Կլէնտէյլի քաղաքապետարանի տարածքին կազմակերպուած «Արդարութեան Քայլարշաւ»ին եւ յանուն Արեւմտեան Թեմի չորս համայնքապետերու, փոխանցեց ապրիլեան պատգամ:
ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԱՅԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի տեղական հեռատեսիլի կայանէն սփռուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած յատուկ յայտագիր, որուն ընդմէջէն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան, իր հօտի զաւակներուն փոխանցեց պատգամ՝ շեշտելով հայ նոր սերունդներու մասնակցութեամբ պահանջատիրական երթը անխափան շարունակելու հրամայականը, մինչեւ Հայ Դատի բարւոք լուծում եւ հայ ժողովուրդի արդար հատուցում:
Յայտնենք նաեւ, որ Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ: