Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմը Հանդիսաւորապէս Նշեց Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնը

By January 3, 2025No Comments

Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայ Սարկաւագի տօնը, մասնակցութեամբ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց, սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասերուն, որոնք յանուն Քրիստոսի նահատակուած առաջին նախավկայ սարկաւագի յիշատակը ոգեկոչեցին հոգեպարար աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ:

Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հայրերն ու սարկաւագները, առաջնորդութեամբ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, Ս. խորանին առջեւ երկիւղածութեամբ միասին աղօթքի կանգնեցան, ապա իրենց ուխտը վերանորոգեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամախօսութեան ընթացքին:

Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնները վերցնելով Յովհաննու Աւետարանէն, ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի հոգեվիճակը՝ երկրային իր ժամանակի վերջին օրերուն կապուած եւ ակնարկելով աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքին՝ ըսաւ. «Վերջին ընթրիքի ճաշակումի ատեն Յիսուս յանկարծ տեղէն ելաւ, զգեստը հանեց, գոգնոց մը կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ:

Երբ կարգը Պետրոս Առաքեալին եկաւ, ան ընդդիմացաւ՝ ըսելով, թէ՝ «Վարդապե՛տ, Դո՞ւն իմ ոտքերը պիտի լուաս», իսկ Յիսուս պատասխանեց, թէ՝ Պետրոս, դուն հիմա չես գիտեր, բայց յետոյ պիտի հասկնաս թէ ինչո՞ւ ես պէտք է քու ոտքերդ լուամ», ապա շարունակեց ըսելով, որ Յիսուս իր այս արարքով աշակերտներուն բացատրեց իրեն հետեւորդներէն ակնկալուած այն խոնարհ հոգին ու առ մարդը ծառայական վերաբերումը, որ Տէրը ըրաւ իր աշակերտներուն, հապա որքան շատ պէտք է որ մէկդ միւսին ծառայութիւն մատուցէք, ինչպէս բացատրեց Յիսուս Քրիստոս եւ այս դրուագը կապելով Ս. Ստեփանոս նախավկային՝ դիտել տուաւ, որ այս վերջինս այնքան սիրեց իր Տէրը, որ Անոր բոլոր պատգամները ապրեցուց իր կեանքին ընթացքին եւ ծառայութիւններ մատուցեց եկեղեցւոյ ու իր նմանին՝ յիշեցնելով նաեւ Յիսուսի այն խօսքը, ուր կ՛ըսէ, թէ՝ ես աշխարհ չեկայ ծառայութիւն ստանալու, այլ՝ ծառայելու եւ յորդորեց Հոգեւոր հայրերն ու սարկաւագները՝ ապրիլ ու գործել Յիսուսի թելադրանքներուն հաւատարիմ վկային՝ Ս. Ստեփանոս սարկաւագի օրինակով:

Յետ արարողութեան, Հոգեւորականաց թափօրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան:

Close Menu

Categories