«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ԹԱԹԱՒՈՒՆ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԸ
ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»,
ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Կիրակի, 7 Յուլիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներ երկիւղածութեամբ նշեցին Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը եւ հաղորդուեցան Ս. խորաններէն հնչած հոգեպարար պատգամներով:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան այս առիթով նախագահեց, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ հաւատացեալ ազգայիններու:
Ս. Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Արտակ Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Քարոզէն առաջ, եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդին բացատրեց, որ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդական թափօր պիտի ըլլայ եւ օրհնեալ վարդաջուր պիտի սրսկուի ժողովուրդին վրայ, որպէսզի ներկաները տեսանելիին ընդմէջէն աստուածային անտեսանելի բարիքներ ստանան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ Պետրոս Առաքեալի «Բարւոք է մեզ աստ լինել» բառերով եւ աւելցուց. «Այսօր, Հայ Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի մէկ շատ կարեւոր դէպքը՝ պայծառակերպութիւնը, այլակերպութիւնը: Ասիկա այն դէպքն է, որ Յիսուս իր երեք աշակերտներուն հետ միասին, «Թաբոր» լերան վրայ բարձրացաւ եւ հոն պայծառակերպուեցաւ, ցոյց տուաւ իր աստուածային բնութիւնը, որպէսզի իր աշակերտները տեսնեն, լսեն ու հաւատան Իր աստուածային բնութեան եւ չյուսալքուին գալիքէն՝ իրենց Տիրոջ խաչելութենէն եւ ապա մահէն, այլ զինուին Աստուծոյ զօրութեամբ եւ մարգարէութեանց իրականացման վկաները հանդիսանան, որպէսզի, աւելի ուշ, ականատես ըլլան Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան»:
Մանրամասնօրէն բացատրելէ ետք Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան նպատակը, ժամանակի գործօնն ու խորհուրդին կարեւորութիւնը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ ակնարկեց հայկական հեթանոսական «Վարդավառ» տօնին՝ բացատրելով, որ անիկա այսօր սոսկ հեթանոսական ջրախաղ չէ, այլ՝ մեր եկեղեցւոյ լուսամիտ Հայրերուն տնօրինումով, մեզ մեր արմատներուն կապող ազգային աւանդութիւն է, եւ թէ՝ այս տօնը վաղուց ի վեր պարպուած է իր հեթանոսական բովանդակութենէն եւ արդէն մեր ազգի աւանդութեանց մաս կը կազմէ, ըլլալով թաթաւուն քրիստոնէական խորհուրդով:
Յետ Ս. Հաղորդութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մէջ դարձաւ թափօր եւ աջ ու ահեակ վարդաջուրով սրսկեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որ երկիւղածութեամբ ընդունեց՝ երկինքէն ստանալու համար անտեսանելի բարիք ու տեսակ-տեսակ շնորհներ: