Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Արեւմտեան Ամերիկա Հովուապետական բարեբեր այցելութեան ընդառաջ, հովանաւորութեամբ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2023-ին, Ազգային Առաջնորդարանը հաստատեց «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հիմնադրամ, որուն գոյացման համար Առաջնորդ Սրբազանի դիմումին ականջալուր՝ Արեւմտեան Թեմը, Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Իսթամպուլեան, Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Էվելինա Սարեան եւ «մի ոմն» տրամադրեցին 100,000-ական տոլար, իսկ Տիկին Անահիտ եւ Օրիորդ Սիլվի Պաղտատլեան, Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան՝ 50,000-ական տոլար:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ազգ. վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին ու անձնապէս, բարձր գնահատանքով կ՛ողջունէ Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր բարերարները՝ հաւատալ սիրելով ու փայփայող յոյսով հաւատալով, որ շնորհիւ մեր բարերարացն ամենառատաձեռն զօրակցութեան, «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հիմնադրամը աւելի ամբողջական պատկեր մը պիտի ստանայ, այն քաջ վստահութեամբ, որ նորաստեղծ հիմնադրամը ամէն հեղ պիտի ճոխանայ ե՛ւ նոր բարերարներու ցանկով, ե՛ւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր ընթացքին վայելչութեամբ, ե՛ւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի անմիջական հսկողութեան ներքոյ, ի խնդիր Հայրապետական Աթոռոյ զանազան ծրագիրներու պերճ յաջողութեան:
Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքին, որդիական աներկբայ սիրով եւ ջերմութեամբ կ՛ողջունէ Նորին Սրբութիւնը, անոր մաղթելով կատարեալ, առողջ օրեր եւ մշտադալար տարիներ, այլեւ ակնկառոյց սպասելով Վեհափառ Հայրապետի բարեբաստիկ ժամանման, դէպի մեր ափեր: