Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց Լոս Անճելըսի Մէջ Հ.Հ. Նորանշանակ Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիկին Աննա Աւետիսեան

By February 17, 2026No Comments

Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ գլխաւոր Հիւպատոս՝ Տիկին Աննա Աւետիսեանը, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պաշտօնական տեսակցութեան եկած էր իր դիւանագիտական կցորդին՝ Տիկին Մարիամ Խաչեանի ընկերակցութեամբ:

Հանդիպման ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ:

Պաշտօնական ողջոյններու փոխանակումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց դիւանագիտական աշխարհի մէջ երիտասարդ հայ կանանց ներգրաւման երեւոյթը եւ իր հիւրերուն հետ զրուցեց Սփիւռքի մեծագոյն հայ համայնքի՝ լոսանճելըսահայութեան ծննդավայրային բազմերանգ ինքնութեան եւ ազգային միասնական ապրելաձեւի մասին՝ դիտել տալով, որ իւրայատուկ այս երեւոյթը նաեւ մշակութային ու քաղաքակրթական բազմերանգութիւն կը ստեղծէ ազգերու բազմազանութեամբ յատկանշուող այս երկրին մէջ, ուր համակեցութիւնը կը նպաստէ տարբեր ազգութիւններու գաղթական զանգուածներու միջեւ հանդուրժողականութեան բարձրացման եւ տնտեսական ու մշակութային դրական մրցակցութեան աշխուժացման:

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսուհին հիացումով արտայայտուեցաւ իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին ձեռք բերած փորձառութեան, մարդկային շփումներու որակին ու Լոս Անճելըսի մարդկային ընկերութեան սիրալիր վերաբերումին մասին, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան եւ այլ երկիրներու մէջ իր վարած դիւանագիտական պաշտօններուն մասին՝ յոյս յայտնելով, որ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հետ Հ.Հ. Հիւպատոսութեան գործակցութիւնը աւելի եւս կը սերտանայ իր պաշտօնավարման ընթացքին եւ այս առումով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ Հայաստանի եւ հայաշխարհի երկու հատուածներուն նկատմամբ Արեւմտեան Թեմին ցուցաբերած ազգաշէն ու ժողովրդանուէր վերաբերումին առնչութեամբ:

Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր լուսաբանութիւններն ու խորհրդածութիւնները փոխանցեց նաեւ Հայրենիքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի հայութեան միասնականութեան անհրաժեշտութեան առնչութեամբ՝ դիտել տալով, որ դարերու վրայ երկարած աշխարհաքաղաքական պարտաւորեցնող պայմաններու բերումով, Հայ Եկեղեցին իր նուիրապետական զոյգ կեդրոններու գործունէութեամբ, հայկական դիմագիծի եւ հայ ժողովուրդի եկեղեցական, աւանդական, ազգային, մտաւոր, կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական արժէքներու մեծագոյն ջատագովն է եւ հայոց ոգեղէն արժէքներու գոյատեւումը ապահովողը եւ իր խօսքի աւարտեց՝ մաղթելով, որ հայ ժողովուրդի աննիւթեղէն արժեհամակարգը նաեւ գալիք ժամանակներու մէջ կը շարունակէ իր հայրենանուէր ու ազգօգուտ պտուղները տալ ազգի զաւակներու կեանքին մէջ:

Հրաժեշտի պահուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս օրհնեց հիւրերը եւ անոնց մաղթեց բարի կեցութիւն ու արդիւնաւէտ աշխատանք:

Close Menu

Categories