Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 48-րդ Նստաշրջանին – Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Առաջնորդ Ընտրուեցաւ Ընտրուեցան Կրօնական Ժողովի Ու Ազգային Վարչութեան Նոր Կազմերը

By October 20, 2020June 2nd, 2024No Comments

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 48-րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի։

Պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով միօրեայ օրակարգով խտացուած նստաշրջանը քննարկեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան միամեայ աշխատանքներուն արդիւնքը, մշակեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները, ապա նաեւ կատարեց Թեմակալ Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները։

Աւելի քան 6 քառամեակներու տեւողութեան, Թեմիս առաջնորդական պաշտօնի ծանր պատասախանատուութիւնը վարած ու Թեմս նորանոր բարձրունքներու հասցուցած վաստակաշատ, շինարար ու նուիրեալ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ամիսներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած պաշտօնական նամակով մը յայտնած էր իր որոշումը, Թեմական-վարչական պատասխանատուութիւններէ զերծ մնալու եւ առաջնորդական պարտաւորութիւններէն հեռանալու, լաւագոյն բարեմաղթութիւններ ուղղելով Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան ու ծառայութեան։

Առ այս, Վեհափառ Հայրապետին պատկառելի Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած Առաջնորդական թեկնածուներու եռանուն ցանկէն, գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։

Վերջին նիստին, օրակարգի ընտրական կէտով, Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան՝
Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան,
Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան,
Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան,
Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան,
Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան,
Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան,
Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննաքեան։

Իսկ Ազգային Վարչութեան անդամ ընտրուեցան՝
Տիար Վահէ Յովակիմեան,
Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան,
Տիար Ճորճ Չորպաճեան,
Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան,
Տիկին Ծովիկ Զէթլեան,
Տիար Արա Շապանեան,
Բրշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան,
Տիար Կարպիս Պէզճեան,
Տիար Ճէք Հաճինեան,
Տիար Սարգիս Թաթիկեան,
Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան։

Ժողովին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդենք յաջորդիւ։

Close Menu

Categories