Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Ժամանեց Լոս Անճելըս

By May 3, 2024June 18th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 1 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հասաւ Լոս Անճելըս եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Կլենտէյլի Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննիսեանի կողմէ, ապա ուղղուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարան, ուր ան ողջունուեցաւ իր միաբանակից հոգեւոր եղբօր՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի կողմէ, ընկերակցութեամբ՝ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ Տիկին Քնար Գորթոշեանի:

Close Menu

Categories