
Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2020-ին, Թեմիս Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, գործադիր տնօրէն տիար Զաւէն Խանճեան եւ Հայ Աւետարանական միութեան ատենապետ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան: Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան փոխադարձ բարեմաղթութիւններուն առընթեր, հիւրերը նաեւ շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը Թեմիս Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ աստուածահաճոյ իր առաքելութեան մէջ անխափան ընթացք ու նպատակասլաց վերելք մաղթելով Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին: