
Կիրակի, 15 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Բուն Բարեկենդանի տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ապա Հոգեւոր օրհնութիւններ բաշխեց եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալ ժողովուրդին:
Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր քարոզը սկսաւ՝ «Այսօր, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Բուն Բարեկենդան է» խօսքերով եւ նշեց, որ իւրաքանչիւր տօնի ընթացքին կ՛երգուի յատուկ շարական, որ կը պատմէ տօնին խորհուրդը, ապա այս իմաստով տուն առ տուն բացատրեց Ս. խորանէն երգուող շարականը, որ կը պատմէ Ադամի կեանքը դրախտի մէջ, ապա իր գործած մեղքին ի հետեւանք դրախտէն վտարուիլն ու իր հետեւութեամբ՝ համայն մարդկութեան առաջ դրախտի դուռը փակուիլը (որ Մեծ Պահքի ընթացքին կը յատկանշուի փակեալ խորանով), ապա Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալով, չարչարանքներու ենթարկուիլն ու խաչափայտին վրայ մեռնիլը՝ մարդուն տրուած երկրորդ առիթ մը կը հանդիսանայ, որպէսզի մարդը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով վերամաքրուի աշխարհիկ մեղքէն ու Յարութեան տօնին հրաշքով վերատիրանայ դրախտ վերադառնալու իրաւունքին:
Խօսելով Բուն Բարեկենդանի մասին, Սրբազան Հայրը նշեց, որ Մեծ Պահքի շրջանը կը սկսի վաղը՝ Երկուշաբթի, իսկ այսօր, Բուն Բարեկենդանին, մարդ հրաւիրուած է ուտելու ամէն բան եւ զուարճանալու իր համտես ըրածներով, ապա դիտել տուաւ, որ քառասնօրեայ այս շրջանին մարդկութիւնը կոչուած է վերստին դրախտ մտնելու, որուն համար անոնք պէտք է գործադրեն Աստուծոյ կամքը եւ արժանանան Իր որդիները կոչուելու պատիւին:
«Մեծ Պահքը հոգեւոր ճամբորդութիւն մըն է՝ հասնելու համար այն մեկնակէտին, ուրկէ առաջին մարդը՝ Ադամը սկսաւ իր կեանքը: Այդ դրախտն է, որուն կրնայ վերատիրանալ ամէն մարդ, պայմանաւ որ Մեծ Պահքի 40 օրերը աստուածահաճոյ ընթացքով քալէ դէպի յաղթանակ, այսինքն՝ դէպի Յարութեան տօնը, ուր պիտի հանդիպի իր փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ իր չարչարանքներէն եւ մահէն ետք յարութիւն առաւ՝ յաղթելով մահուան եւ վերադարձաւ երկնային յաւիտենութեան գիրկը, ուր մենք եւս հրաւիրուած ենք ըլլալ, պայմանաւ որ հետեւինք Աստուծոյ կողմէ մեզի թելադրուած այս հոգեւոր ճամբորդութեան եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով մենք մեզ փրկենք մեղքի ճիրաններէն ու վերամաքրուինք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Մեծ Պահոց սիրոյ սեղանին, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին կողմէ։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց համայնքի զաւակներն ու կազմակերպիչները եւ բարի սկիզբ մաղթեց Մեծ Պահոց շրջանին՝ թելադրելով յառաջիկայ քառասուն օրերուն շատ աղօթել, հեռու մնալ որկրամոլութենէ, մոլութիւններէ, չար մտածումներէ եւ անդադար բարիք գործել ու մաքրուիլ մարդկային արատներէ, որպէսզի Յարութեան մեծ տօնին, Յիսուս Քրիստոսի հետ մարդուն հաղորդակցութիւնը ըլլայ անարատ:































