Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան Կը Մասնակցի Քրիստոնեայ Հոգեւորականներու Վատիկան Այցելութեան Եւ Ս. Քահանայապետին Հետ Ծանօթացման Ծրագիրին

By January 31, 2025No Comments

Հինգ տարիներէ ի վեր, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՛իրականանայ Վատիկան այցելութեան, անոր ծրագիրներուն ծանօթացման եւ Ս. Քահանայապետին հետ հանդիպման յատուկ ծրագիր մը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, յանուն Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, յիշեալ ծրագիրին կը մասնակցին երիտասարդ հոգեւորականներ։ Այս տարի, սոյն ծրագիրը տեղի կ՛ունենայ 29 Յունուարէն 9 Փետրուար։

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս. Արք․ Խաչերեանի դասաւորումով, մեր Թեմէն այս համագումարին կը մասնակցի Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան։

Երիտասարդ հոգեւորականները այս առիթով պիտի այցելեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի՝ Վատիկանի եկեղեցական եւ պետական տարբեր բաժանմունքներն ու կեդրոնները, հանդիպումներ պիտի ունենան Կաթողիկէ աշխարհի Սուրբ կեդրոնի պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, մօտէն պիտի ծանօթանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծրագիրներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ իրազեկ դառնան աշխատանքներուն։

Ծանօթացման այս ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ այցելութիւններ Վատիկանի գրադարան եւ թանգարան, վանքեր, համալսարաններ ու մատենադարաններ, պատմական վայրեր, եկեղեցիներ ու սրբատեղիներ, որոնց մասին եւս այցելուները պիտի քաղեն ընդարձակ տեղեկութիւններ, այցելութեանց ընթացքին ի գործ դրուած մասնագիտական ձեռնարկներու եւ դասախօսութիւններու ընդմէջէն, որոնք առաւելաբար նուիրուած պիտի ըլլան նշեալ հաստատութեանց հիմնադրութեան, պատմական հոլովոյթին, գործունէութեանց ու մանաւանդ՝ տեղւոյն եւ այցելու քրիստոնեայ հոգեւորականներու ծառայական տարբեր աշխարհներէն քաղուած փորձառութեանց փոխանակման խիստ օգտաշատ առաքելութեան:

Ի խնդութիւն այցելու հոգեւորականներու, անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան տեսակցելու համայն աշխարհի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հետ, ապա Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ ներկայ պիտի ըլլան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Ս. եւ անմահ հոգեպարար Պատարագին:

Close Menu

Categories