Skip to main content
search
Uncategorized

Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան Արեւմտեան Թեմէն Ներս

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Օրհնութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հրաւէրով՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, ներկայիս կը գտնուի Արեւմտեան Թեմէն ներս, ուր իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ ան հանդէս պիտի գայ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այս Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7ին:

Սրբազան Հայրը՝ մեր շրջան իր կեցութեան օրերուն նաեւ պիտի մասնակցի Թեմի զանազան ձեռնարկներու, եկեղեցական արարողութիւններու, այլեւ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցանէ եւ հոգեւոր պատգամներու ու քարոզներու ճամբով ներկայութիւն դառնայ Արեւմտեան Թեմէն ներս:

Յայտնենք, որ Սրբազան Հայրը Արեւմտեան Թեմ ժամանեց Ուրբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան:

Close Menu

Categories