Նախաձեռնութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգային Առաջնորդարանը հաստատած է երաժշտական նոր յայտագիր, զոր կը ներկայացնէ վաստակաւոր եւ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Տիար Պերճ Քիրազեան։ Յայտագիրը կը կոչուի «Գոհարներ», որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին ու հնչեն Հայ Եկեղեցւոյ գեղահիւս շարականներէն եւ հայ երաժշտութենէն պատառիկներ։
Մեր հաւատացեալները սոյն յայտագիրին կրնան հետեւիլ առցանց՝ Ազգային Առաջնորդարանի (Armenian Prelacy of the Western United States) Դիմատետրի (Facebook) եւ Ինսթըկրամի (Instagram) կայքէջերուն վրայ: Միաժամանակ, անոնք կրնան այս յայտագիրներուն կրկնութիւնը տեսնել ամէն Կիրակի առաւօտեան սփռուող, Առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» հեռատեսիլային ծրագրով:
Տիար Պերճ Քիրազեան երկար տարիներ հանդիսացած է Հայաստանի Ազգային Օփերային Թատրոնի գլխաւոր մենակատարը, ներկայացնելով երկու տասնեակէ աւելի հայկական եւ արեւմտաեւրոպական օփերային դերերգեր։ Ելոյթ ունեցած է ո՛չ միայն հայկական բեմերու վրայ, այլեւ Արեւմուտքէն մինչեւ հեռաւոր Արեւելք, հանդէս գալով համաշխարհային բազմազան հռչակաւոր թատրոններու մէջ եւ բեմերու վրայ։ Արժանացած է Հ.Հ. վաստակաւոր արուեստագէտի բարձրագոյն կոչման։