Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Դոկտ. Սիւզի Օհանեանը Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն նշանակեց։
Դոկտ. Օհանեան իր դոկտորական տիտղոսը ստացած է կրթական ոլորտէն ներս Գափէլա համալսարանէն՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ կարգերու դասածրագրի եւ դասաւանդման մասնագիտութեամբ։ Ան նաեւ ունի երկու մագիստրոսական վկայական՝ արուեստի եւ մանկավարժութեան մարզերէն ներս, Ֆէնիքսի եւ Նորթրիճի Քալիֆորնիա նահանգային համալսարաններէն։
Այս առիթով, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան հաստատեց. «Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինը վստահ է, որ Դոկտ. Օհանեան յարմարագոյն թեկնածու է այս պաշտօնին համար եւ կը հաւատայ, որ ան իր առաջնորդելու կարողութիւններով եւ ղեկավարի իմաստութեամբ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը պիտի հասցնէ նորանոր յաջողութիւններու»։
Դոկտ. Օհանեան Ազգային վարժարաններէ ներս երկար տարիներու աշխատանքային փորձ ու վաստակ ունի։ Ան քսան տարի դասաւանդած է Ազգային Շամլեան վարժարանէն ներս՝ որպէս առաջին կարգի ուսուցչուհի։ Ապա ծառայած է Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանէն ներս որպէս նախակրթարանի բաժինի վարիչ, ապա օգնական տնօրէն։ 2022 թուականին Դոկտ. Օհանեան ստանձնած էր Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանի տնօրէնութիւնը։
Հարկ է յիշել, թէ Դոկտ. Օհանեան իր կրթական ուղին հարթած է բծախնդրութեամբ, բացառիկ աշխատասիրութեամբ, միշտ նուիրումով ու ազնուութեամբ ծառայելով հայ կրթական հաստատութիւններու։ Ան աւելի քան երեսուն տարի իր լաւագոյնը նուիրաբերած է հայ վարժարանին եւ անոր առաքելութեան պահպանման, խորապէս հաւատալով, որ որակեալ կրթութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը անքակտելի կերպով շաղախուած պէտք է ընթանան մեր վարժարաններէն ներս։
Պրն. Ուրֆալեան այս նշանակման մասին գոհունակութեամբ նաեւ նշեց. «Խնամակալ մարմինը կ՚ողջունէ Դոկտ. Օհանեանի վերադարձը Ազգային վարժարաններէ ներս, քաջ գիտակցելով, որ ան երկար տարիներու կրթական եւ վարչական իր հմտութիւնները ի սպաս դրած ըլլալով հայ կրթօճախներու, խաղաղութեամբ պիտի նաւարկէ եւ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը պիտի առաջնորդէ վեհ շունչով դէպի նոր տեսլականներ: Լիայոյս ենք, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի օրհնութեամբ, Ազգային Վարչութեան, Խնամակալ մարմինի, տեղական պատկան մարմիններու, ինչպէս նաեւ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի Կրթական մարմինին եւ ուսուցչական կազմին աջակցութեամբ Դոկտ. Օհանեան հայ դաստիարակի ամբողջական գիտակցութեամբ պիտի շարունակէ կատարել իրեն վստահուած հայ դպրոցի ղեկավարման կարեւոր պարտականութիւնը»։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Դոկտ. Օհանեանին եւ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի մեծ ընտանիքին։