Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազանին

By May 22, 2022May 31st, 2024No Comments

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ ատենապետ Եղբայր Աւօ Քապաքչուզեանի:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ-քրիստոնեայ անհատի կեանքը յուզող հարցեր, ապա իբրեւ այցելութեան գլխաւոր նպատակ՝ հիւրերը խորհրդանշական գումար մը յանձնեցին Սրբազան Հօր, առ ի գործածութիւն մարդասիրական նպատակներու:

Close Menu

Categories