Skip to main content
search
Uncategorized

Եպիսկոպոսական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

By May 15, 2023May 15th, 2024No Comments

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ Գիւտ Խաչի տօնին առիթով իր պատգամը փոխանցեց՝ փառաբանելով Խաչեալ Քրիստոսը, որ չմնաց խաչին վրայ, այլ յարութիւն առաւ ու երկինք համբարձաւ, երկրայիններուն շնորհելով նոր կեանքի յոյս՝ Իր անձին ընդմէջէն անոնց ուղղելով աստուածային սիրոյ հրաւէր:

Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Եկեղեցւոյ երգչախումբին հետ հոգեւոր երգեցողութիւնը կատարեցին այս առիթով Լոս Անճելըսէն ժամանած հանրածանօթ դպիր՝ թենոր Պերճ Քիրազեան եւ սոփրանօ Արմինէ Վարդանեան, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի:

Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պէզճեան, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, համայնքային կեանքի եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու:

Յետ եկեղեցական արարողութեան, ներկաները ուղղուեցան Խաչատուրեան Հայ Կեդրոնի Սարոյեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ համայնքի ճիգերով կազմակերպուած Սիրոյ սեղան, որուն մասնակից դարձան մօտաւորապէս երկու հարիւր հայորդիներ:

Սիրոյ սեղանը սկիզբ առաւ մոմավառութեամբ, որուն աւարտին ՅՈՅՍ-ը բոցավառեցաւ՝ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու մաղթանքներ յղելով Սան Ֆրանսիսքոյէն դէպի գաղթական արցախահայութիւն եւ աղէտահար ընտանիքներ, որոնց ի նպաստ նաեւ տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն: Արդարեւ, ներկաներու լիաբուռն մասնակցութեամբ գոյացաւ կոկիկ գումար, զոր իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի արտահանուած արցախահայութեան կարիքներու ապահովման:

Յայտնենք, որ ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հնչեցին ազգային ու ժողովրդական երգեր, կատարողութեամբ Պերճ Քիրազեանի եւ Արմինէ Վարդանեանի, դաշնամուրի վրայ նուագակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի:

Close Menu

Categories