Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ամենայն Սրբոց Տօնին եւ եկեղեցւոյ 58-րդ տարեդարձին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Պատարագին ներկայ էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, մինչ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագաց դասը: Խուռներամ հաւատացեալներու շարքին էին Ազգային վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր արտասանած հոգեշունչ պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ հետեւեալ երեք կէտերը՝ Ամենայն Սրբոց տօն, Ս. Կոյս Մարիամի տաճար ընծայման տօն եւ աղօթքի ուժ՝ դիտել տալով, որ այսօր, մենք բոլորս Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած ենք՝ սուրբերու օրինակով մեր անձը երկրորդական դասելու եւ ամէն բանի մէջ ու ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ կամքն ու ծրագիրը կատարելու, այլեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին օրինակով՝ Աստուծոյ տաճարին ընծայուելով մեր եւ շրջապատի մարդոց կեանքին մէջ աստուածային օրհնութիւնները շատցնելու: Ակնարկելով աղօթքը գործի վերածելու հրամայականին, Թորգոմ Եպս. ընդգծեց, որ առ Բարձրեալն Աստուած ձայնով արտասանուած աղօթքը կը քառապատկէ աղօթքին ուժը, իսկ լիարժէք քրիստոնեայ կը համարուի այն մարդը, որ իր աղօթքները կը վերածէ կեանքի ու գործի:
Ս. Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն, նուիրուած՝ եկեղեցւոյ հին եւ նոր ննջեցեալներու յիշատակին, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ Աւետիսեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 58-րդ ամեակին առիթով: Արարողութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միացեալ երգեցողութեամբ:
Յայտնենք, որ մատաղը հովանաւորած էր Տիկին ժանէթ Վարդազարեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Ռազմիկ Վարդազարեանի, իսկ պատրաստութիւնը ստանձնած էր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը: