Skip to main content
search
Uncategorized

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Եւ Եօթը Նոր Դռներու Օծում Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

By December 6, 2022June 7th, 2024No Comments

Կիրակի, 27 Նոյեմբեր 2022-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց, ապա կատարեց եկեղեցւոյ եօթը նոր դռներու օծում: Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։

Թորգոմ Եպիսկոպոս իր պատգամին մէջ կեդրոնացաւ Հաւատքի զօրութեան եւ գործնապէս Քրիստոսի հետեւորդները դառնալու կարեւորութեան վրայ: Յիսուս կանգնած է մեր բոլորին սրտերուն առջեւ ու կ՛ըսէ. «Բացէք Ձեր դռները, որ ներս մտնեմ»՝ նշեց ան, հաստատելով, որ երբ բացուին մեր սրտերուն դռները, Տէրը իր ողորմութիւնը կը հեղու մեր վրայ, որպէսզի քրիստոնէական արժանիքներով ապրինք մեր կեանքը, միաժամանակ շեշտելով, որ մարդուն կեանքին մէջ Քրիստոսի բերած յոյսը նոր շունչ կը պարգեւէ եւ մարդը կը գօտեպնդէ՝ ապաւինելու երկնային զօրութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ Աստուծոյ եւ երկինքին հետ հաղորդակցութեան կարեւորութեան՝ ըսելով որ, ամէն անգամ երբ աղօթք մը դուրս կու գայ մեր շրթներէն, կը հասնի վեր ու կը թակէ Աստուծոյ դուռը: Ապա, յանուն բոլոր հաւատացեալներուն, ան աղօթք առաքեց Արարիչ Երկնաւոր Հօր, որպէսզի երկնային շնորհներու արժանացնէ եւ զօրացնէ քայլերը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով կը դիմեն Իրեն:

Իր խօսքի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ողջունեց Կլենտէյլի եկեղեցւոյ համայնքը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծառայող բոլոր սպասաւորները, Հոգեւորականաց դասը՝ գլխաւորութեամբ Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Հոգաբարձական կազմը՝ գլխաւորութեամբ Տիար Կարօ Էշկիեանի, որոնք առաւելագոյնս ճիգ կը թափեն ու կը գործեն յանուն եկեղեցւոյ պայծառութեան ու լուսաւորութեան: Այնուհետեւ, Թորգոմ Եպիսկոպոս օրհնեց ու գնահատեց եկեղեցւոյ անցեալ ու ներկայ բոլոր բարերարները, յատկապէս Արա եւ Ալին Չաղլասեաններն ու անոնց երեք որդիները՝ Արսէնը, Վահէն ու Արմէնը, որոնք սիրով հոգացած էին Աստուծոյ Տան եօթը նոր դռներու ծախսերը եւ բարերար ընտանիքին մաղթեց երկնային շնորհներու բիւրապատկում՝ ընդգծելով Տէրունական այս խօսքը. «Երանի այն մարդուն, որ կը նախընտրէ Աստուծոյ աչքին հարուստ երեւնալ»:

Յիշենք, որ նոյն օրը, Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ խորանին երիտասարդ եւ նուիրեալ ծառայողներէն Յակոբ Նալճեանի:

Close Menu

Categories