Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 25-ամեակին Առիթով

By July 1, 2020June 18th, 2024No Comments

Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առիթով, Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող Թեմերէն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։

Այս աոթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որու ընթացքին հանդիսապետեց Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան, մասնակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ քահանայ հայրերուն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի սկզբնաւորութեան փառք ու գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը ընծայեց Հայրապետական մաղթանք կատարելու եւ աղօթք բարձրացնելու Վեհափառ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ երկար տարիներու գահակալութեան համար։ Ան նշեց, որ նախորդող օր, Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին տօնեց մեր հաւատոյ հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ Նշխարաց տօնը։ Ան՝ որ հիմնադիրը եղաւ մեր հաւատքի բարձր բերդին՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, որ Ս. Էջմիածնի կառուցմամբ կը խորհրդանշուի։ Մեր յաջորդող հայրապետները, իբրեւ փարոս եւ ճառագայթ ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, իբրեւ հայրատունկ այգիի հաւատարիմ մշակներ, դարեր շարունակ մեր Եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը առաջնորդեցին դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։

Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, այսօր, Նորին Սուրբ Օծութեան Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25-րդ տարեդարձն է։ Ան յուշեց, որ 25 տարիներ առաջ, նոյն այս օրը Անթիլիասի Մայրավանքը վերածուած էր Վերնատան, ուր Ազգ. Պատգաւորական ժողովը հաւաքուած էր ընտրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռի նոր գահակալը։ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ ու հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներու վստահութեան քուէով, մեր Ս. Աթոռը Տիրոջ կամքով վարձատրուեցաւ իր նոր Աթոռակալով՝ Արամ շնորհազարդ Կաթողիկոսի գահ բարձրացումով։ Ամփոփ տողերու մէջ խօսելով Նորին Սրբութեան յաջողութեանց եւ իրագործումներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Վեհափառը սարկաւագութեան տարիներէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ Կաթողիկոսական բարձրագոյն կարգ, շարունակ Սաղմոսերգուին նոյն բառերն է որ արտասանեց. «Տէ՜ր, ցոյց ինձ ճանապարհ յոր եւ գնացից»։ Այս բառերը եղան Վեհափառ Հայրապետի առաջնորդութեան ուղղութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարիները լեցուն են եկեղեցաշինութեան, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, Հայ եկեղեցին ժողովուրդին տանելու, երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու, հրատարակութեանց, Հայ Դատի եւ բազմաթիւ այլ աշխատանքներու յաջողութիւններով, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց արդիւնաւոր գործունէութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ճամբով՝ իր ստանձնած բարձրագոյն պաշտօններու պատասխանատուութեան եւ ղեկավարութեան ընդմէջէն։ «Տարեդարձները մեր կեանքին մէջ այն խաչմերուկներն են, ուր պահ մը մենք բոլորս կանգ պէտք է առնենք նախ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ անցեալին շնորհած Իր բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութեանց համար եւ ապա խնդրենք ու փնտռենք Աստուծոյ ներկայութիւնն ու շնորհքը, որ ապագային Ինք դարձեալ առաջնորդէ մեզ։ Ես վստահ եմ, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի մէջ իր գահին վրայ բազմած, երբ կը հետեւէր Ս. Խորանին վրայ կատարուած արարողութեան, Իր կեանքի այս խաչմերուկին պահ մը կանգ առաւ եւ իր սրտի խորերէն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, շնորհակալութիւն յայտնելով որ զինք առաջնորդեց այն ճանապարհով որ Ի՛նք ցոյց տուած էր իրեն։ Վեհափառը խնդրեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու շնորհքը, որպէսզի շարունակէ առաջնորդել Հայ Եկեղեցին ու Հայ ժողովուրդը Տիրոջ կամքով, որ իրեն համար անկանխատեսելի է, բայց Տիրոջ համար՝ տեսանելի», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Իր քարոզի աւարտին, յանուն Թեմի Հոգեւոր Դասուն, ժողովականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը եւ մէջբերեց շարականագրի «շնորհազարդ պայծառացո զգաւազանն իշխանութեան հայրապետին» բառերը, աղօթելով, որ մեր երկնաւոր Հայրը Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական մականը պայծառացնէ, որպէսզի ան Տիրոջ ներկայութիւնը ապրելով եւ վայելելով՝ սիրով ու հայրաբար մեզ առաջնորդէ Աստուծոյ փառքին, մեր Եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ մեր ժողովուրդի շինութեան համար։

Ս. Պատարագը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգներով։

Close Menu

Categories