
Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով կատարեց նահատակաց մասունքով Ջրօրհնէք, իր կողքին ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանն ու Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը, որոնք մասնակից եղան Բարեխօսական կարգին, մինչ Ս. Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը:
Հոգեպարար իր պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին անդրադարձ կատարեց Յիսուս Քրիստոսի Յարութեամբ մարդուն շնորհուած հանդերձեալ կեանքի կարեւորութեան ու արժէքին, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելով ըսաւ, որ 1915 թուականը հայոց պատմութեան ամէնէն կարմիր, ցնցիչ ու ցաւալի թուականն է, որովհետեւ մեր նախահայրերը իրենց հայ-քրիստոնէական ինքնութեան համար ենթարկուեցան թրքաց եաթաղանին, ապրեցան անպատմելի դառնութիւն եւ քալելով խաչելութեան ու մահուան գողգոթայէն, ժառանգեցին հանդերձեալ կեանքը՝ իբրեւ սուրբեր:
«Անոնք, այսօր, մեզի կը փոխանցեն խորհրդաւոր պատգամ մը, զոր Հայ Եկեղեցին մեր կեանքին մէջ կը հնչեցնէ կոչի համազօր ուժգնութեամբ, թէ՝ ո՜վ Հայկի զաւակներ, բռունցք դարձած միացէք, համախումբ եղէք եւ մէկի՛ պէս ապրեցէք», թելադրեց Սրբազան Հայրը՝ շեշտելով, որ 24 Ապրիլը հայութեան անհատական, ընտանեկան, համայնքային ու շրջանային կեանքին մէջ այսօր նոր էջ կը բանայ եւ բոլորս կը հրաւիրէ գիտակցելու, որ ազգովին մենք ուրիշ ելք չունինք, բացի քով-քովի գալէ, մէկ ուժ դառնալէ եւ բռնցքայնացած պայքարելէ՝ յանուն ազգի, հայրենիքի Արցախի ու Հայ Եկեղեցւոյ անսասան երթին ու յաւերժութեան: