Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Եռօրեայ Այցելութիւն Օրէնճ Քաունթիի Հայ Համայնք – Առաջնորդ Սրբազանը Անդրանիկ Պատարագ Մատուցեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ

By June 27, 2024No Comments

– «Անոնք անեղ Հօր իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ՝
նշանագրային թարգմանութեամբ Ս. Գրիգորի աթոռը ամրացուցին»
(Թարգմանչաց շարական)

Անցնող շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքին տուաւ հովուական իր անդրանիկ այցելութիւնը եւ այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 23 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ եղան շրջանի հաւատացեալներ, աշակերտներ, ծնողներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ հիւրեր:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը հիմնական առանցք ունէր եկեղեցական տօնացոյցով նշուած երեք տօներ՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ», «Ս. Տրդատ թագաւոր եւ Ս. Աշխէն թագուհի» եւ «Ս. Աստուածածնայ տփոյ գտման», որոնց մասին ան պարզաբանումներ կատարեց՝ ըսելով, որ Ս. Սահակ Հայրապետն ու Ս. Մեսրոպ գիւտարար Վարդապետը հայոց գիրերու ճամբով իրենցմէ գրեթէ դար մը առաջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօնք ընդունած Հայաստան աշխարհի տարածքին ամրացուցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հաստատուած սրբազնագոյն աթոռը, իսկ քրիստոնէութիւնը Տրդատ թագաւորի հրամանով է, որ հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ, մինչ Աստուածածնայ այնքան սիրելի կերպարը դարձեալ կը դառնայ հայոց հաւատքի ու կեանքի մաս՝ Սրբուհիին անձնական իրերու տուփի գտման նուիրուած տօնով: «Այս երեք տօները կը յիշատակենք Հայ եկեղեցւոյ ճամբով, որովհետեւ կ՛ուզենք զանոնք վառ պահել մեր ազգի կեանքին մէջ, թէեւ բազում դարեր մեզ կը բաժնեն իւրաքանչիւրէն», աւելցուց ան:

• Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս հատեց իր աբեղայական ձեռնադրութեան (21 Յունիս 1981) 43-րդ տարեդարձին նուիրուած անակնկալ կարկանդակը եւ այս առիթով իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլոր ներկաներուն:
«Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնաքար՝ Հայ Եկեղեցւոյ ապագայ սերունդներու պատրաստութեան եւ համայնքային կեանքի ազգային դիմագիծի պահպանման»։

Ուրբաթ, 21 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Աղուհացի օրհնութեամբ եւ Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ Ս. Գրային ամառնային ճամբարի (Յունիս 17-21) մասնակից աշակերտութեան կողմէ։ Տ. Գարեգին Քահանայի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ս. Գրային ճամբարի վարիչ՝ Երէցկին Սեւան Պետուրեան ներկայացուց տարուած աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն, ապա հրաւիրեց աշակերտները ներկայացնելու իրենց յայտագիրը։

Ինը տարիէ ի վեր շարունակուող ամառնային Ս. գրային ճամբարը այս ամառ ունեցաւ 65 աշակերտներ, որոնք դասարան առ դասարան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ներկաներուն հրամցուցին իրենց սորված աղօթքներէն, սաղմոսներէն ու շարականներէն փունջեր։ Յայտագիրի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռքով ստացաւ մասնակցութեան վկայագիր, իսկ ուսուցիչներն ու կամաւորները ստացան գնահատական վկայագիր։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Ս. Գրային ճամբարի աշխատանքները եւ իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս ծրագիրին՝ զայն նկատելով հիմնաքարը Հայ Եկեղեցւոյ իրարայաջորդ սերունդներու պատրաստութեան եւ համայնքային կեանքի ազգային դիմագիծի պահպանման։ Ան միաժամանակ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ ըսելով, որ Օրէնճ Քաունթի իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը ընթացք կ՛առնէ աշակերտական Ս. Գրային ամառնային ճամբարի հանդէսով եւ այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց ճամբարի ուսուցչուհիներուն եւ աշխատողներուն, ծնողներուն, մեծ ծնողներուն եւ պատասխանատուներուն:

Այնուհետեւ, աշակերտները ջրախաղով եւ տարիքային այլազան խաղերով իրենց օրը անցուցին: Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման աղօթքէն ետք աշակերտները մեկնեցան իրենց հետ տանելով նոր գիտելիքներ, հոգեւոր կեանքի փորձառութիւններ, գեղեցիկ ու անմոռանալի յիշատակներ։ Այսպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր մանուկի ու պատանիի սրտին, հոգիին ու մտքին մէջ քիչ մը աւելի՛ դրոշմուեցան քրիստոնէական հաւատքի ու հայ եկեղեցւոյ կենարար արժէքները:

• Յայտնենք, որ Շաբաթ, 22 Յունիսին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան հետ աշխատանքային հանդիպման, որուն ընթացքին ան իրազեկ դարձաւ համայնքային կեանքի բարելաւման ուղղուած ծրագիր-աշխատանքներու եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքներ:

Close Menu

Categories