Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Թեմիս Եկեղեցիները Հոգեգալստեան Տօնին Պիտի Վերաբանան Իրենց Դռները

By May 29, 2020June 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ը Հոգեգալստեան տօնն է, որ յիշատակումն է Վերնատան մէջ առաքեալներուն Ս. Հոգիի շնորհքներու եւ պարգեւներու արժանացման։

Ուրախ ենք յայտնելու որ շաբաթասկիզբին, պետական սպասարկութիւններ յայտարարեցին եկեղեցիներու եւ կրօնական հասատատութիւններու վերաբացումը, սակայն որոշ հարկադրանքներով։

Առ այդ, Կիրակի, 31 Մայիսին, Թեմիս եկեղեցիները պիտի վերաբանան իրենց դռները, մեր հաւատացեալներուն առիթը ընծայելով Ս. Պատարագին անձնապէս մասնակցելու։

Նշենք, որ ըստ օրինական ցուցմունքներուն, ներկաներուն թիւը սահմանափակուած է եկեղեցւոյ տարողութեան 25% համեմատութեամբ կամ առաւելագոյնը 100 հոգիով։

Close Menu

Categories