Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Աշխատանքային Հանդիպում Մը Ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմնին Հետ

By March 18, 2021June 2nd, 2024No Comments

Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021, երեկոյեան ժամը 6էն 9 աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող մարմնին հետ, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ:

Հաւաքը սկիզբ առաւ շարականներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմի անդամներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Ձեր երկնատուր պարտականութիւնն է Յիսուսը ծանօթացնել մանուկներուն ու պատանիներուն եւ զանոնք առաջնորդել Քրիստոսի՝ փոքրիկներուն հասկնալի լեզուով, Ս. Գրային օրինակներով եւ անոնց ըմբռնելու կարողութեան համաձայն»: Նշելէ ետք, որ ուսուցիչներ եւ պատասխանատուներ պէտք է դիւրացնեն աշակերտին կեանքը դասարանին մէջ, Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները՝ միշտ ըլլալու ժպտադէմ եւ բարձր տրամադրութեամբ դրական կերպարներ, դառնալու համար Աստուծոյ փառքի երգիչները: Պաշտօնական այս հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ նշանակեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը, քարտուղար՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանը, Վերահսկող մարմնի համաատենապետներ՝ տեարք Յակոբ Ջաղացպանեանն ու Րաֆֆի Թորոսեանը:

Այնուհետեւ ներկաները խանդավառութեամբ հնչեցուցին Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու յաղթական մաղթերգը, ապա բարի գալուստի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան Յակոբ Ջաղացպանեան եւ Րաֆֆի Թորոսեան: Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ՝ Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան իր կարգին երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ հակառակ հայրենական եւ տեղական դժուարին պայմաններուն, անասելի եռանդով ու վճռականութեամբ լեցուած է՝ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու դասընթացքները վերակազմակերպելու առումով, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց դասաւանդութեանց ուսումնական ծրագրի ամսական ժամանակացոյցը՝ լսարանային բաժնի եւ դասարանային դրութեան կապուած, իւրաքանչիւրը իրեն համապատասխան աղօթքներով, Ս. Գրային ընթերցումներով, սաղմոսներով եւ պատշաճ շարականներով:

Յետ խորհրդակցութեան, առաջարկուեցաւ յառաջիկայ Մայիս ամսուան մէջ կազմակերպել Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրման 90ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, որուն ընթացքին վկայական ստանան շրջանաւարտ աշակերտները եւ պարգեւատրուին տարիներու ծառայութիւն ու վաստակ ունեցող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Հաւաքը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամով: Ան անգամ մը եւս կարեւորութեամբ շեշտեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու խաղացած դերն ու ստանձնած առաքելութիւնը մանուկ-պատանիներու կրօնաբարոյական եւ ազգային դաստիարակութեան ճամբուն վրայ՝ ընդգծելով, որ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները պէտք է առաւելագոյն սիրով փարին մանուկներու դաստիարակութեան գործին եւ անմնացորդ նուիրումով շարունակեն իրենց ազգանուէր պարտականութիւնը: Հաւաքի աւարտին ներկաները երգեցին «Մեսրոպ Մաշտոց» հայրենաշունչ երգը: Աշխատանքային հանդիպումը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Close Menu

Categories