Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Նախագահեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Պատարագին Եւ Օրհնեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Շրջանաւարտները

By June 8, 2021June 2nd, 2024No Comments

Կիրակի, 7 Յունիս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս.
buy sinequan online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/noprescription/sinequan-no-prescription.html no prescription

Խաչ Մայր տաճարի Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի պատգամեց:

Կաթուղիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցման կապուած աւանդապատումին եւ վեր առաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքն ու կամքը՝ Յիսուս Քրիստոսի համար մինչեւ նահատակութիւն երթալու, ապա Ս. Հաղորդութիւն ստանալու նպատակով իր շուրջ հաւաքուած Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական կարգի շրջանաւարտ աշակերտներուն բացատրեց մարդկային կեանքի մէջ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կարեւորութիւնը: Գօտեպնդելով հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ, Սրբազան Հայրը օրինակ բերաւ շրջանաւարտ տղաքը՝ ըսելով, որ մեր շրջանաւարտները հաւատացին իրենց ուժերուն եւ նպատակին կարեւորութեան, հետեւաբար, հայկական ազգային վարժարանի կրթական ծրագիրը աւարտելէ ետք, ահա՛ անոնք կը մեկնին դէպի համալսարանական կրթութիւն, որովհետեւ կը հաւատան, որ կեանքի մէջ յաջողութեան անհրաժեշտ ճամբայ է այս:

Նմանապէս, օրինակ բերելով շրջանաւարտ աշակերտներուն տարիներով փայփայած յոյսը, թէ օր մը համալսարան յաճախելու առիթը պիտի ունենան, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ այդ յոյսը այսօր կու տայ իր պտուղը մեր շրջանաւարտներուն կեանքին մէջ, ապա իբրեւ սիրոյ լաւագոյն օրինակ՝ Սրբազան Հայրը մատնացոյց ըրաւ շրջանաւարտներուն սիրով կապուածութիւնը իրենց հարազատներուն, շրջապատին, ուսումնական կեանքին եւ հետագայ ընելիքներուն՝ յորդորելով անոնց ըլլալ տիպար քրիստոնեայ հայ մարդեր, որոնք իրենց կարգին հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ օրինակ կրնան ծառայել ուրիշներու համար եւս՝ որպէս իրենց ընտանիքին, ազգին ու հայրենիքին հպարտութիւն առթող Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն շրջանաւարտ տղաք ու աղջիկներ:

Այս առիթով Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմը, որոնք միասնաբար բծախնդիր ու անձնդիր ծառայութիւն կը բերեն Մեսրոպի Տուն՝ Ազգային կառոյց, Մեսրոպեան դարբնոցին:

Հուսկ, Սրբազան Հայրը շրջանաւարտներուն նուիրեց մէկական աղօթագիրք, ինչպէս նաեւ փայտէ խաչ մը՝ վարժարանի նախկին տնօրէն Օննիկ Քէշիշեանի, որուն տնօրէնութեան օրերու մտայղացումը եղած էր ամէն տարի շրջանաւարտները եկեղեցի բերել՝ Սուրբ Հաղորդութիւն եւ օրհնանք ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ:

Close Menu

Categories