Անցնող շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հովուական այցելութիւն տուաւ ՀՕՄ.-ի Շուշի մասնաճիւղի եւ Վերժին Քուճաքեան շաբաթօրեայ հայ վարժարանի (Լաս Վեկաս) 30-ամեակներու տօնախմբութեանց առիթներով:
Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Լաս Վեկասի Վերժին Քուճաքեան միօրեայ վարժարան։ Դասարանները շրջելով՝ Սրբազանը գնահատեց ու քաջալերեց աշակերտները, իւրաքանչիւրին նուիրելով Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ» երկլեզու աղօթագիրքէն մէկական օրինակ:
Նոյն օրը երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւն-ճաշկերոյթին։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Պալգէորգեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Տիարք Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, Ազգային երեսփոխաններ՝ Արտա Եմենիճեան եւ Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենեպատուհի՝ Տիկին Արուսեակ Մելքոնեան եւ անդամներ՝ Անի Քէշիշեան եւ Ժարմէն Միրզախանեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Քրիսթին Խանճեան եւ փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Վիգի Մարաշլեան, բարերարներ, բարեկամներ, հիւրեր եւ ծխական ժողովուրդ:
Առաջնորդ Սրբազանը ջերմագին ողջունելէ ետք ներկաները՝ օրհնեց սեղանները, գնահատեց ձեռնարկի հովանաւորները եւ դրուատեց երեկոյի կազմակերպիչները: Այնուհետեւ, Գեղամ Սրբազան ուղղեց իր սրտի խօսքը, զուգահեռական կատարելով Տէր Զօրի անապատին մէջ հայ մօր այն կերպարին, որ աւազներուն վրայ Այբուբէնը ուսուցանեց իր զաւակին եւ Լաս Վեկասի անապատին մէջ հայ մօր՝ Վերժին Քուճաքեանի, որ իր անձնական ճիգերով հիմը դրաւ Լաս Վեկասի ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ հայկական վարժարանին՝ հայեցի ոգի փոխանցելու եւ հայ ինքնութեան գիտակցութիւնը սերմանելու Լաս Վեկասի նորակազմ եւ յարաճուն թափով զարգացող եւ կազմակերպուող գաղութին մէջ:
Շեշտը դնելով ՀՕՄ-ի նուիրաբերումի առաքելութեան վրայ, ան մեծապէս գնահատեց հայկական իրականութեան մէջ բացառիկ դերակատարութիւն ունեցող այս մեղուաջան կանացի կազմակերպութիւնը, որ հայ կնոջ առաքինութեանց եւ կարողութեանց դրսեւորման գործունէութեան դաշտը կը հանդիսանայ իր մարդասիրական եւ ազգանուէր ոգիով:
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 27 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ, իր կողքին ունենալով Հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Պարգեւ քհնյ. Պալ- Գէորգեանն ու Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանը. Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Ս. Պատարագին եւս ներկայ եղան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Տիարք Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, Ազգային երեսփոխաններ՝ Արտա Եմենիճեան եւ Ատրուշան Արմէնեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենեպատուհի՝ Տիկին Արուսեակ Մելքոնեան եւ Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհ՝ Տիկին Քրիսթին Խանճեան եւ փոխ ատենապետուհի՝ Տիկին Վիգի Մարաշլեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդ::
Իր պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին «Տօն Գիւտ Խաչին», պատմական ակնարկ մը նետելով Հեղինէ թագուհիի անկրկնելի նախաձեռնութեան, երբ անոր ճիգերով յայտնաբերուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Խաչափայտը: Գեղամ Արքեպիսկոպոս այս առիթով խօսեցաւ՝ ճշմարտութիւնները ի յայտ բերելու եւ երեւան հանելու կարեւորութեան մասին, շեշտելով ճշմարտութիւնը կարելի չէ անթեղել, այլ պէտք է բացայայտել իրական կեանքի մէջ։
Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Սիրոյ ճաշ, մասնակցութեամբ գաղութի ծխականներուն եւ բոլոր պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Զոյգ երեսնամեակներու ուրախ առիթով, Գեղամ ԱրքԵպիսկոպոս կրկին շնորհաւորեց համայնքի ղեկավարները եւ գնահատեց բոլոր բարերարներն ու նուիրեալները՝ վեր առնելով Քուճաքեան եւ Եմէնիճեան ընտանիքներու ներդրումը եկեղեցական եւ ազգային կեանքի բարգաւաճման ի նպաստ իրենց ցուցաբերած եւ մատուցած ծառայութեանց համար, միաժամանակ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց քաջ հաւատալով, որ անապատին մէջ ովասիս հանդիսացող այս գաղութը նուաճէ նորանոր բարձունքներ, յանուն ազգային եւ եկեղեցական կեանքի բարգաւաճման: