Անցնող շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ անդամ՝ Պերճ Սրկ. Աբգարեանի (Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոս Ֆրեզնոյի մէջ), հովուական այցելութիւն տուաւ Լաս Վեկաս եւ հոգեւոր ներշնչանքի աղբիւր ու խանդավառող ոգի հանդիսացաւ տեղւոյն ծխական համայնքի զաւակներուն համար:
Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման 10-ամեակին եւ համայնքի կազմութեան 25-ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւն-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Տեզըրթ Ուիլօ» համալիրի սրահին մէջ, Հէնտըրսըն, ներկայութեամբ Հոգեւոր հայրերու, բարերարներու, բարեկամներու, եկեղեցւոյ ընտանիքին, հիւրերու եւ ծխական ժողովուրդի:
Առաջնորդ Սրբազանը ջերմագինս ողջունելէ ետք ներկաները օրհնեց սեղանները եւ գնահատեց երեկոյի կազմակերպիչները՝ տօնախմբութիւնը որակելով «բացառիկ ու ամբողջական»: Այնուհետեւ, յաջորդաբար սրտի խօսք արտասանեցին Լաս Վեկասի պետական համալսարանի միջազգային պատմութեան դասախօս՝ Դոկտ. Միշէլ Թուսան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Պայրամեան եւ Հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, որ իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ ներկաներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ յոտնկայս ծափողջոյններով:
Թորգոմ Եպիսկոպոս իր խօսքին մէջ դրուատիքի արժանացուց նախնիներուն ի գործ դրած աստուածահաճոյ ճիգն ու աշխատանքը՝ ի նպաստ նորակառոյց հայ համայնքի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրման, զարգացման ու պայծառացման, ինչպէս նաեւ բարձրօրէն գնահատեց երախտարժանները՝ յիշելով հիմնադիր բարերար՝ հանգուցեալ Լէրի եւ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզ ամոլը, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային երեսփոխան՝ Տիար Ատրուշան Արմէնեանը (Լաս Վեկասի մէջ Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոս), Եմենիճեան եւ Քուճաքեան ընտանիքները, այլեւ գործող Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը եւ 10-ամեակի յանձնախումբը, ապա յատուկ ուշադրութեան արժանացուց Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի հաւատարիմ ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, նուիրումը իր համայնքին եւ առ ի գնահատանք Հոգեւոր հովիւի ցուցաբերած առաքինութեանց, բարձր տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, ան Տէր Հօր վիզէն անցուց լանջախաչ մը, առաջնորդական իր խօսքով ջերմացնելով ներկաները:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցան մոմավառութիւն եւ կարկանդակի հատում, մասնակցութեամբ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սիւներու կնքահայրերուն, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետին, Հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան ատենապետին, տօնական բարձր տրամադրութիւն ստեղծելով սրահին մէջ։ Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ Թորգոմ Եպիսկոպոսի «Պահպանիչ»ով, ապա երեկոն շարունակուեցաւ ընկերային ճոխ մթնոլորտի մէջ:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ «Արմինեըն Տէնս Աքատեմի օֆ Լաս Վեկաս» հայկական պարախումբը, գլխաւորութեամբ պարուսոյց Տիկին Գոհար Եղիայեանի, իսկ խմբավար Հէրի Յովակիմեան երաժշտական կտորներ մատուցեց ջութակով։ Երեկոյթի հանդիսավարն էր Տիկին Քարին Թովմասեան, որ կատարեց բացման խօսքը եւ ներկաները հրաւիրեց դիտելու Լաս Վեկասի նորակազմ համայնքի 25-ամեայ կեանքին նուիրուած տեսերիզը։
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 16 Ապրիլի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ, իր կողքին ունենալով Հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանը եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը: Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ:
Իր պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհաւորեց ծխական համայնքի բոլոր զաւակները՝ յիշեցնելով, որ Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ, մեր ժողովուրդը ամբողջ քսանհինգ տարի աղօթեց եւ տասը տարի առաջ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեամբ ոգեղէն կեանքը ծաղկեցուց քարեղէն տաճարին մէջ, տեղւոյն հայ կեանքին շնորհելով հոգեկան ուժ ու ամրութիւն, ապա «երանի եկեղեցի շինողաց» խօսքը ընդարձակելով, ան խրախուսեց ներկաները՝ իրենց հաւատքով ու կեանքով դառնալու մէյ մէկ տաճարներ՝ Աստուծոյ փառքին համար:
Յոբելենական այս ուրախ առիթով, Թորգոմ Եպիսկոպոս նաեւ գնահատեց Հոգեւոր հովիւն ու Հոգաբարձական կազմը, բարերարներն ու նուիրեալները՝ եկեղեցական եւ ազգային կեանքի բարգաւաճման ի նպաստ իրենց ցուցաբերած բծախնդիր աշխատանքին եւ մատուցած ծառայութեանց համար, միաժամանակ յոյս յայտնելով եւ քաջ հաւատալով, որ նոր տասնամեակները նոր յաջողութիւններ պիտի բերեն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ Լաս Վեկասի ազգային կեանքին: