Skip to main content
search
Uncategorized

Լոյս Տեսաւ Արեւմտեան Թեմի Յիսնամեակին Նուիրուած Կիլիկիա Պաշտօնաթերթի Երրորդ Տարուան Առաջին Թիւը (2023 Թիւ 1)

By May 3, 2023May 4th, 2024No Comments

– ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ԱՐՑԱԽՑԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հրամանաւ լոյս տեսաւ Ազգ. Առաջնորդարանի ԿԻԼԻԿԻԱ երկլեզու պաշտօնաթերթի այս տարուան առաջին թիւը, նուիրուած՝ Արեւմտեան Թեմի յիսնամեայ յոբելեանին:

224 էջ հաշուող գունատիպ այս թիւը կը բացուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով, որուն կը յաջորդեն Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թեմերու, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազաններու օրհնութեան գիրերը՝ առ ի ոգեկոչում Արեւմտեան Թեմի յիսուն տարիներու հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ծառայական կեանքին, այլեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Առաջնորդարանի հոգեւոր, ազգային, մարդասիրական ու մշակութային իրադարձութիւններու ներկայացման կողքին տեղ կու տայ նաեւ քրիստոնէական, գրական, աշակերտական եւ պատանեկան նիւթերու:

Նշենք, որ ներկայ համարի աշակերտական բաժինը կը ճոխացնեն Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտներուն գրութիւնները, իսկ Առաջնորդ Սրբազանի մտայղացումով՝ այդ օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Արցախէն տաղանդաւոր պատանի-պարմանուհիներ իրենց արձակ թէ չափածոյ տողերուն ընդմէջէն կ՛արտայայտեն իրենց վրդովմունքն ու կսկծալի յոյզերը՝ Արցախի պատերազմի ցաւոտ իրականութեան, որբութեան, մանկական տագնապալի առօրեային մասին, առանց սակայն գիտնալու, որ Շուշի ամրոց-բերդաքաղաքի դաւադրական կորուստէն ետք, արցախցիք՝ Ատրպէյճանի բարբարոսութեանց դիմաց, դժբախտաբար պիտի կորսնցնէին նաեւ իրենց արծուեբոյն հայրենիքը եւ համայն բնակիչներով ապրէին ազգային սպանդ, ենթարկուելով՝ հազարամեայ իրենց հայրենիքէն ստիպողաբար հեռանալու ամենասոսկալի ճակատագիրին:

Նախորդ թիւերուն նման, ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթի այս թիւով եւս կը պատմուի Քալիֆորնիոյ մէջ ձեռնադրութեանց, ծխական շրջաններու եկեղեցիներու եւ կրթարաններու ամեակներու, Ազգ. վարժարաններու գործունէութեանց, հոգեւոր տօներու, ընկերամշակութային նախաձեռնութեանց, ոգեկոչական համերգներու եւ տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ հանրութեան կը ներկայացուին Արեւմտեան Թեմի մարդասիրական բարերարութիւններն ու յատկացումները ի մասնաւորի սփիւռքեան վիրաւոր գաղութներու եւ անոնց Ազգ. վարժարաններու աշակերտութեանց:

Մեր գաղութի տարեգրութեան ուղղակիօրէն մաս կազմող այս թիւը եւս բազմաշխատ տքնաջանութեան արդիւնք է. տեղեկագրութեան կողքին՝ հոգեւոր ու ազգային պատգամներ ու պատմագրութիւն, մշակութային ու կրթական ծաղկունք, զօրակցական, եղբայրական կեցուածքներ ու հայ-քրիստոնեայ մարդ ու հաւաքականութիւն ի մի բերող «տեսադարան», որ իր մարմնաւորումը կը գտնէ անթերի ըլլալու չափ զուլալ արեւմտահայերէնով, ինչ որ կիզակէտներէն մէկը կը կազմէ այս պաշտօնաթերթին, որուն աւարտին տեղ գտած է նաեւ անգլերէն բաժին:

Close Menu

Categories