Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Խաչվերացի Ս. տօնը, որ քրիստոնէական իր բնոյթով եւ ազգային նկարագրով նոր իմաստ ու զօրութիւն հաղորդեց հայ կեանքին՝ գեղեցկօրէն իրարու ձուլելով պատմականն ու կրօնականը, հայկականն ու քրիստոնէականը:
Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան այս առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը, Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանը, Հոգաբարձութիւնը, Դպրաց դասը, շրջանին մէջ գործող վարժարանի մեծ ընտանիքը, միութիւնները, նուիրեալները եւ համայնքի բոլոր զաւակները:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը արտասանեց յատուկ պատգամ մը, որ խարսխուած էր հիմնական երեք կէտերու վրայ.
Առաջին՝ Խաչի խորհուրդի բացայայտում եւ Խաչին ու Խաչեալին հաւատարիմ մնալու էական պարտաւորութեան մասին յորդոր՝ ուղղուած մեր Թեմի զաւակաց, որոնք Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսը կը դաւանին իբրեւ իրենց կեանքի գերագոյն առաջնորդը:
Երկրորդ՝ Սրբազան Հայրը ակնարկեց Լիբանան կատարած իր վերջին այցելութեան եւ Արեւմտեան Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Կիլիկիոյ գահակալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Ան միաժամանակ գոհունակութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի մեր ժողովուրդին՝ Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած անսակարկ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան համար:
Իբրեւ վերջին կէտ՝ Թորգոմ Եպիսկոպոս հաւատացեալներու շարքին ողջունեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչները եւ գնահատեց անոնց առաքելութիւնը, ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ սրտագինս հայցելով ամենաբժիշկ Քրիստոսի ներկայութիւնը աշխարհի բոլոր հիւանդներուն եւ յատկապէս քաղցկեղէ տառապողներու կեանքին մէջ, այլեւ շուտափոյթ ապաքինման եւ առողջութեան վերականգնման սրտայոյզ մաղթանքներ յղեց դէպի հայութեան բոլոր հատուածներ՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքեան գաղութներ:
«Կիլիկիա» մաղթերգի միաձայն երգեցողութենէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցական շքախումբով ուղղուեցաւ Բաղրամեան սրահ եւ Ս. Խաչի տօնին առիթով կատարեց մատաղի օրհնութիւն, ապա ընդունեց հաւատացեալներու անկեղծ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները եւ բոլորին բաշխեց իր օրհնութիւնները: