Skip to main content
search
UncategorizedԳլխաւոր Լուրեր

Ծերոն Եւ Սոնա Թիթիզեաններ Կը Հովանաւորեն «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»ը

By October 7, 2022May 31st, 2024No Comments

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովը, Ազգ. վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան սրահին մէջ:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Թիթիզեան ամոլը իր ցուցաբերած բարերար հոգիին՝ Ազգ. Առաջնորդարանի նկատմամբ եւ զօրակցութեան՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համալիրին:

Close Menu

Categories