Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր

By February 26, 2020June 3rd, 2024No Comments

Ուրբաթ, 6 Մարտ 2020-ին, Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 50-րդ տարեկան հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրակցութեան եկեղեցիներու տիկիններու։ Այս տարուան խորհրդածութեան թեման է Յովհաննու Աւետարանի 5-րդ գլուխի 8-րդ համարը՝ «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛»։

Յայտագիրը կազմուած է աղօթքներով, սաղմոսներով, Աւետարանի ընթերցումներով, հոգեւոր երգերով ու շարականներով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով ու պատգամներով։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու, պիտի մասնակցի արարողութեան եւ պիտի ուղղէ իր օրհնութեան խօսքը։

Առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի պիտի ունենայ աղօթքի պահ, իսկ յայտագիրը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին։ Աւարտին, տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Close Menu

Categories