
Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Սարկաւագին տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց, որուն ընթացքին Թեմի եկեղեցիներէն ներս հոգեւոր սպասաւորութիւն մատուցող 16 երիտասարդներ բարձրացան սարկաւագական ծառայական կարգ:
Ս. խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պետուրեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, իսկ ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ներկայութեամբ ծնողներու, ընտանեկան պարագաներու, բարեկամներու եւ եկեղեցասէր հայորդիներու:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին ուրախական ցնծալի յուզումներ պատեցին ե՛ւ խորան բարձրացածներուն, ե՛ւ եկեղեցին յաճախածներուն սրտերը, երբ դասին մէջ, քով-քովի, եկեղեցական յատուկ դասընթացքներու աւարտին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ գործող 16 երիտասարդներ՝ Գասապեան Սեւակ, Գասապեան Վիգէն, Էլիասեան Սամսոն, Մակարեան Տիգրան, Մենէշեան Յովիկ, Յովասափեան Խաչիկ, Նալճեան Կարօ, Չարմահալի Արշէն, Պալեան Յովհաննէս, Պալթայեան Յակոբ, Պալթայեան Վարդան, Պապիկեան Պերճ, Ռուպանեան Ռաֆֆի, Սանտալճեան Շանթ, Սանտալճեան Սարօ եւ Վահանեան Նարեկ, Թորգոմ Եպիսկոպոսի իսկ խօսքերով՝ «եկեղեցւոյ մէջ աճած եւ եկեղեցին իրենց մէջ աճեցուցած», ծնրադիր խոնարհութեամբ մը Առաջնորդ Սրբազանի ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան:
Հուսկ, Թորգոմ Եպիսկոպոս շնորհաւորեց ձեռնադրեալները եւ աւուր պատշաճի քարոզեց: