Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հաղորդագրութիւն – Հայ Սփիւռքի Տարուան Առիթով Ազգային Առաջնորդարանը Կը Հաստատէ Նոր Հիմնադրամներ

By January 19, 2022June 2nd, 2024No Comments

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետ, 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի»:

Մեկնելով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Հայ Սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութենէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախ աշխարհի առաւել յաջողութեան եւ հզօրացման համար Հայ Սփիւռքի ուժեղացումը ամէն գնով ապահովելու հեռանկարէն, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, հիմնուեցան չորս նոր հիմնադրամներ.-

Ա. ՀԱՅԵՐԷՆԱՒԱՆԴ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ երկու հարիւր հազար տոլարով ($200,000): Նպատակը՝ Ազգային վարժարաններէն ներս հայոց լեզու եւ դպրութիւն աւանդող ուսուցիչներու տրամադրել նաեւ նիւթական զօրակցութիւն, հոգեւոր եւ բարոյական զօրակցութեանց կողքին:

Բ. ԿԻԼԻԿԻԱ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ հարիւր հազար տոլարով ($100,000): Նպատակը՝ ամրապնդել եռամսեայ երկլեզու նոր պաշտօնաթերթին հրատարակութիւնը իբրեւ հոգեւոր եւ մշակութային սնունդ, հայ ընտանիքներու կեանքին մէջ:

Գ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ հարիւր հազար տոլարով ($100,000): Նպատակը՝ վերանորոգ թափով եւ նոր ոճով շարունակել սփռումը Ազգային Առաջնորդարանի հեռատեսիլային ծրագրին, վասն Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան ծանօթացման եւ տարածման:

Դ. ԿՐՕՆԻ ՆՈՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ՝ հարիւր հազար տոլարով ($100,000): Նպատակը՝ Ազգային վարժարաններու եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեանց եւ նոր սերունդի զաւակներուն տրամադրել կրօնի արդիական դասագիրքեր՝ պատրաստուած դիւրամատչելի ոճով եւ մանկավարժական ժամանակակից ըմբռնումով, որպէսզի հայ մատղաշ հոգիներուն մէջ լաւագոյնս կազմաւորուի հայ-քրիստոնեայ մարդը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Յունուար 2022, Լոս Անճելըս

Close Menu

Categories