«ՅԱՐՈՒԹ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԴԻՄՈՒՄՆԱԳՐԵՐ
Նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ· Թորգոմ Ս. Եպս· Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային Վարչութեան, «Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստ» Հիմնադրամի յանձնախումբը բացուած կը յայտարարէ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանին համար վերոնշեալ հիմնադրամին դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը:
Հանգուցեալ ՓրոՖ· Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ, Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ գոլէճի մէջ։
Թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-
1. Դիմումնագիր-նամակ մը, ուր պէտք է նշուին դիմողին ամփոփ կենսագրականը, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ իր հասարակական կեանքին մասին, հասցէ (ել-նամակի եւ նամակատան) եւ հեռաձայնի թիւ:
2. Նամակին կցուած ըլլայ դիմողին լուսանկարը: Դիմողը նաեւ պարտի արձանագրել Սփիւռքի հայութեան առնչուող պարագայ մը, որ կը մտահոգէ զինք եւ արձանագրէ իր առաջարկը, իբրեւ լուծում նոյն այդ մտահոգութեան մասին։
3. Վկայագիր մը՝ ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ գոլէճ ընդունուած ըլլալուն մասին (նշել ուսումնարանի հասցէն)։
4. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը՝ իր աշակերտական թիւով (Student ID) եւ նիշերու ցուցակը։
5. Նախընտրաբար յանձնարարական մը։
Առ ի փոխանցում Հիմնադրամի յանձնախումբին, դիմումնագրերը Ազգ· Առաջնորդարան պէտք է յղուին մինչեւ 9 Յուլիս 2021, հետեւեալ հասցէով.-
Harut Barsamian Armenian Students Scholarship Fund
c/o Western Prelacy
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
Ծանօթ.- Ոչ ամբողջական թղթածրարները նկատի պիտի չառնուին յանձնախումբին կողմէ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ