Skip to main content
search
Uncategorized

«Համայնք, Ինքնութիւն Եւ Արժէքներ» Նիւթով Սարկաւագաց Համագումար Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

By May 3, 2023May 3rd, 2024No Comments

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընթացք առաւ Արեւմտեան Թեմի Սարկաւագաց համագումարը, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Կրօնական ժողովի, ղեկավարութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի: Համագումարին հիւրաբար ներկայ եղաւ նաեւ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, որ հոգեւոր եւ վարչական տարիներու իր փորձառութենէն օրինակներ ներկայացուց եւ կատարեց թելադրանքներ:

Համագումարին մասնակցեցան Լոս Անճելըսի Սարկաւագները, մինչ հեռաւոր շրջաններու Սարկաւագները իրենց մասնակցութիւնը բերին առցանց:

Հայր Զարեհի բացման խօսքէն ետք, Սարկաւագները հաղորդակից դարձան հոգեբանութեան դասախօսներ Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեանի (Լիբանանէն, առցանց) եւ Նորա Շիթիլեանի մասնագիտական բանախօսութեանց, որոնք կը վերաբերէին ինքնութեան կազմաւորման, համայնքային կեանքի, արժեհամակարգերու որդեգրման կարեւորութեան, առողջ հաղորդակցութեան ձեւերու եւ մարդկային ընկերութեանց այլ երեսներուն:

Մինչեւ կէսօր տեւած համագումարի աւարտին, Սարկաւագները նաեւ ունեցան ընկերայի ժամ, Ազգ. Առաջնորդարանի երդիքին ներքեւ:

Close Menu

Categories