Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Համբարձման Տօնին Առիթով՝ Ս. Պատարագ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

By May 15, 2020June 3rd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2020-ը, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Համբարձման տօնն է։

Արեւմտեան մեր Թեմէն ներս, այս տօնը ամէն տարի կը տօնախմբուի Ս. Պատարագով ու Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթով. Սակայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այս տարի ճաշկերոյթը ջնջուած է։

Առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (առանց հաւատացեալներու ներկայութեան), հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Արարողութիւնը ուղղակի պիտի սփռուի Ազգ. Առաջնորդարանի Դիմատետրի պաշտօնական էջէն.- www.facebook.com/WesternPrelacy/

Close Menu

Categories