Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-րդ Տարեդարձ – Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն – Ազգ. Մեսրոպեան Վրժ.Ի 12-Րդ Կարգի Աշակերտները Հաղորդութիւն Ստացան

By June 2, 2022June 4th, 2024No Comments

Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատման 104-րդ տարեդարձին առիթով կատարեց Հանրապետական մաղթանք ու Եռագոյն Դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն, աղօթակից ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը եւ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանը:

Հաւատացեալներու շարքին էին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը, ուսուցիչներ եւ աւարտական կարգի աշակերտները, որոնք Ս. արարողութեան ընթացքին ստացան հաղորդութիւն եւ ականջալուր դարձան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեպարար պատգամէն բխած ազգային եւ հոգեւոր մտածումներուն եւ իրենց ուղղուած թելադրանքներուն, որոնք իբրեւ առանցք ունէին այն, թէ կեանքի մէջ պէտք չէ ամէն բան փորձել, մանաւանդ երբ կայ կարելութիւնը այլոց փորձառութենէն սորվելու, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ կրթական մշակներու ոսկեայ խրատները միտք պահելով իմաստուն կեանք վարելու՝ միշտ առաջնորդուելով աստուածային շնորհներով:

Հուսկ, աւարտական դասարանի աշակերտները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը եւ պահը անմահացուցին խմբանկարով մը:

Close Menu

Categories