Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 29-Րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

By September 17, 2020June 2nd, 2024No Comments

Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020ը, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 29-րդ տարեդարձն է։

Այս առիթով, Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնն ու Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնն ու Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Կ’աղօթենք, որ Ամենակալ Աստուած օրհնէ եւ պահպանէ ազատ, անկախ Հայաստանը, մեր պետականութիւնն ու հայոց բանակը, եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդէ դէպի ապահով եւ բարգաւաճ կեանք ու մեր արդար իրաւունքներու իրականացում։

Close Menu

Categories